ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Աշխատանքներէն

Խմբապետական Զարգացման Մրցում

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը, 2012-ի իր տարեկան ծրագիրին մէջ, տեղ տուած էր նաեւ խմբապետական մակարդակի վրայ յայտագիրներու: Այդ յայտագիրներուն կարգին էր միջխմբապետական զարգացման մրցում մը, որուն նպատակն էր քաջալերել խմբապետները` զարգացնելու այլազան բնագաւառներու մէջ իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ` մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ մը տարածելու համար մասնաճիւղերուն միջեւ:

Խմբապետական զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 հոկտեմբերին: Անոր մասնակցեցան` Անթիլիասի, Այնճարի, Ժտէյտէի, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Ժիւնիէի խմբապետական կազմերը: Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւած մրցումին ընթացքին անոնք ստուգեցին իրենց  գիտելիքներու պաշարը` մրցակցութեան հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Մրցումի աւարտին առաջին հանդիսացաւ Անթիլիասի խմբապետական կազմը, երկրորդ` Պէյրութի, իսկ երրորդ` Պուրճ Համուտի խմբապետական կազմը:

Սկաուտական Օրինակելի Յայտագիր

Մասնաճիւղերուն մէջ սկաուտական հետաքրքրական եւ օրինակելի յայտագիրներուն թափ տալու համար Շրջանային խմբապետութիւնը հոկտեմբեր, նոյեմբեր եւ դեկտեմբերի ընթացքին ծրագրած է «Մասնաճիւղային օր», որուն ընթացքին պիտի այցելէ մասնաճիւղերը եւ անոնց խմբապետական կազմերուն հետ պիտի գործադրէ սկաուտական օրինակելի յայտագիր մը:

Առաջին աշխատանքը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 հոկտեմբերին, ճիւնիէի մէջ: Շրջանային խմբապետական կազմը մասնաճիւղին խմբապետներուն հետ գործադրեց սկաուտական հետաքրքրական յայտագիր մը`  սկաուտական բոլոր ճիւղերուն համար: Յայտագիրը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մասնաճիւղին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES