Ռուբէն Հախվերդեան. «Մենք Կը Պարծենանք, Որ Հայրենիքէն Դուրս Ունինք Աւելի Ամուր Յենարաններ, Որոնք Են Այս Վարժարանն Ու Այնճար Հայաւանը»

Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Ռուբէն Հախվերդեան եւ իր երկանդամ նուագախումբը այցելեցին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճ. քոլեճի մուտքին անոնք դիմաւորուեցան միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտութեան, ուսուցչակազմին եւ տնօրէնութեան կողմէ ծաղկեփունջով եւ ջերմ ծափողջոյններով:

Այնուհետեւ, «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ, քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելով Ռուբէն Հախվերդեանին, ներկայացուց զայն իբրեւ բոլոր ժամանակներուն մէջ այլախոհ, սակայն իրապաշտ ու անկեղծ արուեստագէտ, «Մաքրամաքուր երազանքներու երգիչ, ինչպէս նաեւ` իմաստասէր ու սրամիտ քննադատ»: Տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ Հախվերդեանին մօտենալով` աշակերտները կ՛արժեւորեն իմաստասիրական փնտռտուքները, անկաշկանդ ու ստեղծագործ միտքը, ինչպէս նաեւ` գրականութիւնը ընդհանրապէս:

Բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ռուբէն Հախվերդեան զրուցեց աշակերտներուն հետ: Ան յուզումով յիշեց իր դպրոցական դառն օրերը, երբ խորհրդային վարչակարգին տակ, ստիպողաբար կը սորվէին պարտադրուած դասանիւթեր, որոնք համակարգին գովերգութեան կը ծառայէին եւ պատճառ կը հանդիսանային, որ հայ պատանին դպրոց յաճախէ ակամայ եւ իրեն նման զզուանքով խօսի իր կեանքի ամենակարեւոր հանգրուանին մասին: Ապա ան հակիրճ անդրադարձաւ իր կեանքի անցած ուղիին` երգիծախառն ոճով ներկայացնելով իր ստեղծագործական վաստակը:

Անկեղծ ու հետաքրքրական այս զրոյցէն ետք, Ռուբէն Հախվերդեան իր կիթառահարին ընկերակցութեամբ, «իր ոճով» ներկայացուց կարգ մը երգեր, որոնց ձայնակցեցան նաեւ աշակերտները:

Աշակերտութիւնը, իր կարգին միջնակարգի իր պարախումբով, այս մտերմիկ հանդիպումին ներկայացուց «Գէովընտ» եւ «Վերվերի» ազգագրական պարերը:

Ի տես այս ելոյթին` Ռուբէն Հախվերդեան եզրափակիչ իր խօսքով յայտնեց. «Ես կը հաւատամ, որ սփիւռքահայ պատանիին արիւնը կ՛եռայ այս երաժշտութեան ձայնանիշներուն նման, եւ որովհետեւ այսպիսի հայեցի դաստիարակութեամբ կը սնանիք, ուրեմն մեր ապագան կը մնայ ապահով ձեռքերու մէջ, եւ մենք կը պարծենանք, որ հայրենիքէն դուրս ունինք աւելի ամուր յենարաններ, որոնք են` այս վարժարանն ու Այնճար հայաւանը»:

Ան յարատեւ վերելքի եւ նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով մեկնեցաւ վարժարանէն:

 

Share this Article
CATEGORIES