Ֆրանսայի Նանսի Քաղաքին Մէջ Հիմնուեցաւ Համազգայինի Նոր Մասնաճիւղ Մը
Շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2012-ին, Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի ՀԱՅԱՍԱ հայ համայնքի հրաւէրով Լիբանանէն Նանսի մեկնեցան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Վաչէ Փափազեան, Սուրէն Սարգիսեան եւ Մկրտիչ Եափուճեան:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը` ներկայութեամբ 30 անձերու: Ժողովի ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան անդամները ներկայացուցին Համազգայինի առաքելութիւնը, նպատակը, կանոնագիրը եւ ժողովավարական օրէնքները:
Ժողովի աւարտին միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը` բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.
Աւետեան Արթուր
Մովսիսեան Կարէն
Միրզոյեան Արման
Ադամեան Ռուզաննա
Պապայեան Անժելա
Շիրվանեան Թինա
Առաքելեան Աննա
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորաստեղծ մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքներուն:
CATEGORIES Գաղութային

