ՖԻՏԷ-ի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ. Արոնեան` 2-րդ, Իսկ Դանիէլեան` 25-րդ Դիրքերուն Վրայ

ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած նոյեմբեր ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2815 կէտ, կը շարունակէ մնալ երկրորդ դիրքին վրայ:

Ան միայն 33 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընէն:

Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ռուս Վլատիմիր Քրամնիք, որ ունի 2795 կէտ:

Առաջին հարիւրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ չորս այլ հայեր: Անոնք են` Վլատիմիր Յակոբեան (2703 կէտ, 45-րդ), Սերկէյ Մովսիսեան (2688, 62-րդ), Գաբրիէլ Սարգսեան (2679, 74-րդ) եւ Տիգրան Պետրոսեան (2659, 92-րդ):

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, Հայաստանէն Էլինա Դանիէլեան 2476 կէտով կը գրաւէ 25-րդ դիրքը, իսկ 2457 կէտով 34-րդ դիրքին վրայ է Լիլիթ Մկրտչեան:

Պարագլուխի դիրքին վրայ է հունգարացի Ժիւտիթ Փոլկար (2705), որուն ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Քամպի Քոներու (Հնդկաստան, 2610 կէտ) եւ Եու Եիֆան (Չինաստան, 2606):

Իսկ աշխարհի զօրաւորագոյն պատանիներու դասաւորման մէջ 2580 կէտով 21-րդ դիրքը կը գրաւէ 18 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեան:

Կարէն Գրիգորեան կը գրաւէ 46-րդ դիրքը (2508 կէտ), իսկ Յովհաննէս Կապուզեան` 52-րդ դիրքը (2500 կէտ):

Պարագլուխի դիրքին վրայ է իտալացի Ֆապիանօ Քարուանա (2786):(

Share this Article
CATEGORIES