Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Որոշումները
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը օրակարգի վրայ գտնուող հարցերը քննարկելէ ետք տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ Ասիոյ 2014-ի աղջկանց բաժակի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, Լիբանան, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ուզպեքիստանը, Յորդանանը եւ Քուէյթը:
Լիբանանցի իրաւարարներ Ալի Ռիտայի, Մոհամետ Տարուիշի եւ Ֆատի Քարեհի անունները նկատի առնուեցան 2013-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին համար:
Ախա Ահլի Ալէյի պատասխանատուներէն Եուսեֆ Պաալպեքի մէկ տարիով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հրած ըլլալուն պատճառով:
Սալամ Զղարթայի մարզիկներէն Ուըհպէ Տուէյհի երեք մրցումով կախակայուեցաւ` մարզիկի մը զարկած ըլլալուն պատճառով:
Ինչ կը վերաբերի նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած արդիւնքներուն, անոնք բոլորն ալ վաւերացուեցան, հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Սաֆա-Շապապ Ղազիէ` 5-1, Անսար – Ռասինկ` 4-2, Նըժմէ – Սալամ Սուր` 3-0, Թատամոն Սուր – Շապապ Սահել` 1-0, Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ` 2-0 եւ Իժթիմահի Թրիփոլի` 0-0:
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Ռիատա Ուալ Ատապ – Նահտա Պար Էլիաս` 2-1, Մաուատտէ – Սալամ Զղարթա` 1-0, Շապապ Թրիփոլի – Նեպի Շիթ` 3-2, Ահլի Սայտա – ՀՄՄ` 1-1, Մապարրա – Ֆաժըր Արապսալիմ` 5-0, Սաժես – Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 1-0 եւ Խըյուլ – Հարաքեթ Շապապ` 1-1:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Թրիփոլի – Ռիատա Ուալ Ատապ 2:15 Թրիփոլի
Սալամ Զղարթա – Ահլի Սայտա 2:15 Զղարթա
ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՀՄՄ – Նեպի Շիթ 2:15 Պուրճ Համուտ
Նահտա Պար Էլիաս – Մաուատտէ Թրիփոլի 2:15 Խիարա
Ֆաժըր Արապսալիմ – Սաժես 2:15 Արապսալիմ
Խըյուլ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2:15 Ահտ
Հարաքեթ Շապապ – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Զղարթա
ՆՇԵՆՔ, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ այս շաբաթավերջին մրցում տեղի պիտի չունենայ: 17-19 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:

