Լեւոն Նորտիկեանի Եւ Այլ Ակադեմականներու Հաւաքական Հեղինակութեամբ. Թուրքիոյ Դեսպանին Հետաքրքրութիւնը Առթած` «Կիլիկիոյ Հայերը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր սկսած ֆրանսախօս հեղինակներու գործերու ցուցահանդէսը տակաւին կը շարունակէ իր շուրջ համախմբել հայ թէ օտար գրասէր ակադեմականներ, ուսանողներ ու մտաւորականներ:

Ցուցահանդէսին մասնակցող սակաւաթիւ հայ հեղինակներէն Լեւոն Նորտիկեան երէկ` ուրբաթ, 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մակագրեց «Կիլիկիոյ հայերը. Բնօրրան, (habitat) յիշողութիւն եւ ինքնութիւն» (habitat) խորագրեալ գիրքը:

Խորքին մէջ այս աշխատանքը արգասիքն է լիբանանահայ եւ ֆրանսահայ ակադեմականներու` Ռեմոն Գէորգեանի, Միհրան Մինասեանի, Միշել Փապուճեանի, Լեւոն Նորտիկեանի եւ Վահէ Թաշճեանի հաւաքական, միացեալ հետազօտութեանց:

168 էջերէ բաղկացած գունաւոր եւ սեւ ու ճերմակ պատկերազարդ այս գիրքը լոյս տեսաւ ֆրանսերէնով, հոկտեմբեր 2012-ին: «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի` հայր Սելիմ Ապուի տնօրէնութեամբ գործող հրատարակչատունէն լոյս տեսած այս գիրքը կ՛անդրադառնայ Կիլիկիոյ հայութեան, անոր երբեմնի մայր բնօրրանը եղած հայրենի գրաւեալ վայրերուն` Սիսի, Ատանայի, Քիլիսի, Մերսինի եւ այլ յիշարժան շրջաններու:

Հեղինակները յատուկ նախանձախնդրութեամբ պրպտած, հաւաքած եւ յետ ստուգման հրապարակած են նկարներ դէմքերու թէ վայրերու, որոնց սեւ ու ճերմակ հնամենի երեւոյթն իսկ կը ցոլացնէ անոնց` իբրեւ բնիկներու կեանքին, ապրելակերպին ու սովորութեանց պատկերը: Այս գիրքին մէջ Լեւոն Նորտիկեան կ՛անդրադառնայ կաթողիկոսանիստ, երբեմնի Ռուբինեան հարստութեան մայրաքաղաք Սիսի` լուսարձակի տակ առնելով անոր սրբավայրերը, յիշարժան տեսարանները, անոր բնիկներուն` հայերուն թէկուզ հնամենի, սեւ ու ճերմակ պատկերները, որոնք առանց այդ ալ խոր յուզումով ու կարօտախառն զգացումով կը համակեն դիտողը:

Լեւոն Նորտիկեան 1979-էն ի վեր կը պաշտօնավարէ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ: 2000 թուականին համալսարանի նախագահութեան հետ գործակցաբար ան աշխուժ գործունէութեամբ զարկ տուած է համալսարանի նախապատմական թանգարանին եւ եղած է անոր տնօրէնը:

Արխիւներու պատասխանատու եւ գիտաշխատող Լեւոն Նորտիկեան հմուտ բանասէր է, ունի բազմաթիւ ուսումնասիրական հայերէն թէ ֆրանսերէն գիրքեր:

Ան խմբագիրն է համալսարանի «Թեմփորա» տարեգիրքին` Քարլա Էտտէի կողքին:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով Լեւոն Նորտիկեան ընդգծեց, որ գիրքը Կիլիկիոյ հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը փոխանցող հաւաքական աշխատանք մըն է` գործակցաբար այլ ակադեմականներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս` Ռեմոն Գէորգեան, Միհրան Մինասեան, Միշել Փապուճեան եւ Վահէ Թաշճեան: Ան վերյիշեց, որ հաւաքական նման նախաձեռնութիւն մը կատարուած էր «Հայերը Լիբանանի մէջ, Ապաստանարանի մը փնտռտուք» խորագրեալ հաստափոր գիրքին մէջ, որ լոյս տեսաւ 2010-ին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին իր նոր քայլին մասին հարցումին պատասխանելով` Նորտիկեան յոյս յայտնեց, որ նման լուրջ աշխատանք մը պիտի իրականացնէ գործակցաբար այլ մտաւորականներու, ինչպէս` Սփիւռքի ուսաումնասիրական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի եւ այլոց հետ:

Նշենք, որ ինչպէս միշտ, հայութեան ու յատկապէս հայու ցաւն ու պահանջատիրութիւնը ցոլացնող այս վաւերական արժէքաւոր ուսումնասիրական գիրքը չէր վրիպած թուրք վարիչներու ուշադրութենէն:

Արդարեւ, Լեւոն Նորտիկեանի կողմէ գիրքի մակագրութեան ներկայացողներու շարքին էր նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ յատուկ ակնածանքով շնորհաւորեց Նորտիկեանը եւ վերցուց գիրքին մակագրուած իր օրինակը:

Առ ի պատասխան «Ազդակ-ի այն հարցումին, թէ դեսպանը հետաքրքրուա՞ծ է նման պատմական գիրքերով, Էօզեըլտըզ քաղաքավար ժպիտով մը դրական պատասխանեց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES