Վարուժան Սիրապեան Այցելեց «Ազդակ»
Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց Փարիզի «Չոպանեան» հիմնարկի տնօրէն եւ «Եւրոպա-Արեւելք» քաղաքական վերլուծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Վարուժան Սիրապեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէր «Զարթօնք»-ի խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան:
Վարուժան Սիրապեան զեկուցեց «Չոպանեան» հիմնարկի գործունէութեան եւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ ներթրքական խնդիրներուն վերաբերող նորագոյն հրատարակութիւններուն մասին:
Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին Վարուժան Սիրապեան զեկուցած էր «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ հայկական մամուլին դերակատարութիւնն ու առաջադրանքները» նիւթին մասին:
CATEGORIES Գաղութային

