Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող օրերուն յաճախակիօրէն կը լսուէր ձայնը թնդանօթներու հարուածներու, որոնք ուղղուած էին Դամասկոսի արեւելեան ծայրամասերուն: Յաճախակի էին նաեւ զինուորական օդանաւերու հարուածները` ուղղուած Դամասկոսի Տումա, Հարասթա, Հաժար Ասուատ եւ Զամալքա արուարձաններուն դէմ, ուր կեդրոնացած են ընդդիմադիր զինեալները:

Յատկանշական է մայրաքաղաքի մուտքերուն` տարբեր արուարձաններու ճամբուն վրայ տեղադրուած կառավարական անցարգելներուն մօտ պայթուցիկ սարքերու պայթումը:

Անցնող օրերուն մայրաքաղաքի յայտնի թաղամաս Մազզէի մէջ արձանագրուեցան չորս պայթումներ` պատճառելով նիւթական վնասներ, իսկ շիիական ուխտավայր Զահիրայի շրջանին մէջ, ուր անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած էր մեծ պայթում մը, կրկին երկու պայթումներ արձանագրուեցան երէկ առաւօտ` պատճառելով բազմաթիւ վիրաւորներ:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ մտահոգիչ երեւոյթ կը հանդիսանայ այն, որ վերջերս գործի բերումով արուարձաններէ անցնող քաղաքացիները կ՛ենթարկուին խուզարկման` զինեալ խմբակներու կողմէ: Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի պետական հաստատութիւնները տանող ճամբաները փակուած կը մնան եւ ապահովական խիստ միջոցառումներու կ՛ենթարկուին։

Share this Article
CATEGORIES