Պարաք. «Իրան Հիւլէական Ռումբի Ստեղծման Աշխատանքները Դադրեցուցած Է
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Լոնտոն այցելութեան ընթացքին բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան դադրեցուցած է հիւլէական ռումբի ստեղծման աշխատանքները:
Ան այս հաստատումը կատարելու համար հիմնուած է այն տեղեկութեան վրայ, որ Իրան հարստացուած իւրանիոմի շուրջ 20 առ հարիւրը վերապահած է խաղաղ կարիքներու համար: Իսրայէլի համաձայն, ներկայիս իրանցիները ունին մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացուած 189 քիլոկրամ իւրանիոմ:
Ըստ Պարաքի, 189 քիլոկրամին 38 առ հարիւրը Իրան ուղղած է արտադրելու հիւլէական ձողերու, որոնք խաղաղ նպատակներով կ՛օգտագործուին հետազօտական հնոցներուն մէջ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ Թեհրան կրնայ ըլլալ, որ այդ քայլին դիմած է մեկնելով երեք պատճառներէ` 1) Մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ զինուորական գործողութիւններու պիտի սկսին, 2) Կրնայ ըլլալ, որ Իրան դիւանագիտական խաղ կը խաղայ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ կացութիւնը չսրէ, 3) Չի բացառուիր, որ Իրան կ՛ուզէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ցոյց տալ, որ իր պարտաւորութիւնները կը կատարէ:


