Ըստ «Քոմերսանթ»-ի Վրաստան Կրնայ Աբխազիոյ Տարածքով Ռուսիոյ Հետ Երկաթուղային Հաղորդակցութիւնը Վերականգնել
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Վրաստանի նոր իշխանութիւնները մօտիկ ապագային մտադիր են Աբխազիոյ շուրջ տագնապը լուծելու նպատակով շարք մը քայլերու ձեռնարկելու:
«Մենք պէտք է նպաստենք Աբխազիոյ միջոցով փոխադրամիջոցներու շարժին, ինչպէս երկաթուղային, այնպէս ալ ինքնաշարժներով: Ի դէպ, մենք պարտաւոր ենք բացառել քաղաքական ենթահողը եւ խնդիրը դիտել բացառապէս տնտեսական տեսանկիւնէ», «Քոմերսանթ»-ին ըսած է Վրաստանի վերահամարկման պետական նախարար Պաատա Ջաքարէիշվիլի` յիշեցնելով 2003-ի դէպքը, երբ Սոչիի մէջ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Էդուարդ Շեւարտնածէ եւ Վլատիմիր Փութին նախապէս համաձայնած էին, որ Աբխազիոյ տարածքով երկաթուղային հաղորդակցութիւն պիտի կատարուի «գաղթականներու վերադարձին զուգահեռ»:
Ըստ նախարարին, Վրաստանի այդ ժամանակուան իշխանութիւնները երկաթուղային հաղորդակցութեան հարցը միշտ կապած են վրացի գաղթականներու Աբխազիա վերադարձին հետ: «Սակայն սկիզբէն իսկ յստակ էր, որ ատիկա իրատեսական չէ: Վրաստան ոչինչի հասաւ. նոյնիսկ մէկ գաղթական չվերադարձաւ», ըսած է Ջաքարէիշվիլի:
Ան նշած է, որ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը պիտի օգնէ այդ խնդիրի լուծման: Աւելի՛ն, փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու զարգացումը պիտի նպաստէ Աբխազիոյ տնտեսական զարգացման: «Կարելի չէ թոյլ տալ, որ Աբխազիան տնտեսապէս եւ փոխադրամիջոցներու առումով կապուած ըլլայ միայն Ռուսիոյ: Եթէ մենք երթեւեկը նաեւ դէպի մեր կողմը բանանք, ապա Աբխազիան այլընտրանք պիտի ունենայ», ըսած է ան:

