Էրտողան. «Թուրքիա Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չկարգաւորէ, Մինչեւ Որ Կատարուին Իր Երեք Պահանջները»

Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ մօտիկ ապագային կը պատրաստուի Կազա այցելելու:

Գերմանիայէն վերադառնալու ճամբուն վրայ Էրտողան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն` ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար Իսրայէլ պէտք է կատարէ Անգարայի երեք պահանջները:

«Թուրքիան այդ պայմաններէն որեւէ մէկէն պիտի չհրաժարի: Թուրքիա կը պահանջէ փոխհատուցել իր 9 քաղաքացիներու ընտանիքներուն, ներում հայցել իրմէ եւ վերցնել Կազայի շրջափակումը», ըսած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ` վերջին հանդիպումին ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ուզած են Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն միջնորդել եւ կը փորձեն համոզել, որ Անգարան համաձայնի կատարել միայն երկու պահանջ` ներման հայցում եւ փոխհատուցում, եւ մոռնայ Կազայի հատուածի շրջափակումը վերցնելու հարցը: Սակայն, Էրտողանի պնդումով, Անգարա բոլոր երեք պայմաններուն վրայ կը պնդէ, եւ Թուրքիա չի կրնար լուռ հետեւիլ, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլ շրջափակման մէջ կը պահէ Պաղեստինի բնակիչները:

 

Share this Article
CATEGORIES