Ուաշինկթըն Սուրիական Ընդդիմութեան Նոր Ղեկավարութիւն Մը Կ՛ուզէ Ձեւաւորել

Փաթրիք Վենթրել

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրել երէկ յայտնեց, որ «Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը չյաջողեցաւ իր ղեկավարութիւնը ընդլայնել»` նշելով, որ գոյութիւն ունին անձեր, որոնք իրենց լաւ ղեկավար ըլլալը ցոյց տուին եւ կ՛ուզեն Սուրիոյ ապագային մէջ դերակատարութիւն ունենալ: Ան շեշտեց, որ «Ամերիկա անոնց վրայ (միայն) ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդը միակն է, որ կ՛ընտրէ»:

Վենթրել նշեց, որ «սուրիացի ժողովուրդն է, որ իր ղեկավարութեան կազմը եւ ներկայացուցիչները կ՛ընտրէ, իսկ մենք անոր որեւէ դերակատարութեան կամ Տոհայի մէջ անոր համար ճշդուած դերակատարութեան չենք ընդդիմանար: (Սուրիոյ Ազգային) խորհուրդը լուսանցքայնացնելու փոխարէն, Տոհայի ընդհանուր ժողովը անոր համար առիթ մը կը կազմէ միանալու քաղաքական կառոյցի մը, որ Սուրիոյ մէջ աւելի լայն հաւաստիութիւն կը վայելէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ «ընդդիմութիւնը աւելի կազմակերպուած եւ ռազմավարութեան մը յանձնառու պէտք է ըլլայ, իսկ մենք Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին մէջ այդ մէկը չտեսանք, ուստի կարգ մը անձերու ճշդման կ՛օժանդակենք»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնած էր, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը կրնայ աւելի ընդլայնուած ընդդիմութեան մը մաս կազմել, եւ ամերիկեան վարչակազմը սուրիացի ընդդիմադիրները ղեկավարելու համար քանի մը թեկնածուներ առաջարկած է: Ան նաեւ յայտարարած էր, որ ընդդիմադիրները պէտք է «կտրուկ կերպով դիմակայեն ծայրայեղական ուժերը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ  «աքսորի մէջ կառավարութիւն կազմելու Միացեալ Նահանգներու կոչերը ընդդիմութիւնը կը քաջալերեն Դամասկոսի մէջ վարչակարգը տապալելու շարժումը շարունակելու»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ ղեկավար պաշտօններ ստանձնելու համար արտասահմանէն թեկնածուներ պարտադրելու փորձերը Ժընեւի համաձայնութեան կը հակասեն»:

Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ ընդդիմութեան հովանաւորներուն կողմէ Սուրիոյ յառաջիկայ ղեկավարները դուրսէն ճշդելու փորձերը կը հակասեն Ժընեւի համաձայնութեան: Ան յիշեցուց, որ Ժընեւի ժողովի հաղորդագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ փոխանցման իշխանութեան մարմին մը կազմելու` կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ փոխադարձ համաձայնութեան հիմամբ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով արաբական պատկերասփիւռի կայաններուն, կը հաղորդէ, որ հոկտեմբեր 2011-ին Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին կազմութենէն մինչեւ այսօր անոր տրամադրուած ֆինանսական աջակցութիւնը կը կազմէ 40.4 միլիոն տոլար:

Ըստ հրապարակուած զեկուցումին, խորհուրդը Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն ստացած է 5 միլիոն տոլար, Քաթարէն` 15 միլիոն տոլար, իսկ Լիպիայէն` 20 միլիոն տոլար:

Զեկուցումը կը նշէ, որ ընդհանուր գումարէն 29.7 միլիոնը ծախսուած է մարդասիրական օգնութեան եւ «յեղափոխական շարժումին» աջակցելու նպատակով, իսկ մնացեալ մասը` «վարչական ծախսերու եւ կապի» վրայ: Դրամական փոխանցումները կատարուած են Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի` Քաթարի եւ Թուրքիոյ մէջ բացուած հաշիւներուն:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը յայտնած է, որ Անգարա կը մտադրէ ՕԹԱՆ-էն խնդրել թուրք-սուրիական սահմանին վրայ լարուածութեան մագլցումին պատճառով Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ տեղակայել: «Մտադիր ենք այդպիսի պահանջ մը ներկայացնել, եթէ մեր դէմ յարձակումներուն թիւը բարձրանայ», ըսած է ան:

Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ թուրք պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ «ՕԹԱՆ-ի հետ սերտ կերպով կը գործակցինք եւ Սուրիոյ զարգացումները դիմակայելու համար կը պատրաստենք արտակարգ դրութեան ծրագիր մը, որ Թուրքիոյ մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի տեղակայում կ՛ընդգրկէ: Պաշտօնատարը յիշեցուցած է, որ ՕԹԱՆ նախապէս Թուրքիոյ մէջ ռատարի համակարգ մը զետեղած է:

Միւս կողմէ, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Իքմալէտտին Իհսանօղլու դատապարտեց հինգշաբթի երեկոյեան Ալեքսանտրէթ քաղաքին մէջ թրքական բանակի զօրակայանին մօտ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը: Նշենք, որ ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, պայթումին պատճառով 4 վիրաւոր արձանագրուած է:

Share this Article
CATEGORIES