«Թուրքիա Իրաքի Քիւրտերը Զգուշացուց, Թէ Սուրիոյ Մէջ Հիւսիսային Իրաքի Ինքնավարութեան Բնորդը Պիտի Չկիրարկուի» Կ՛ըսէ Էրտողան
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիա հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանին յստակ կերպով զգուշացուցած է, թէ հիւսիսային Իրաքի ինքնավարութեան բնորդը Սուրիոյ մէջ պիտի չկիրարկուի: «Չենք կրնար այստեղ (Սուրիոյ մէջ) այդպիսի դիպաշարի մը զարգացումը արտօնել: Ասիկա Պարզանիին եւս յայտնեցինք: Կ՛ուզենք, որ այդ մէկը գիտնայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ այդպիսի դիպաշարի մը պարագային Թուրքիոյ կեցուածքը Իրաքի պարագային որդեգրած կեցուածքին պէս պիտի չըլլայ:
«Պարզանի ըսաւ, որ այդպիսի բան չկայ եւ պիտի չըլլայ: Աւելի՛ն. ան փորձեց մեզի հասկցնել, թէ Քրտական ժողովրդավարական միութիւնը արգիլեալ ՔԱԿ-ը չէ», նշած է Էրտողան:
CATEGORIES Միջազգային

