Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը կարելի չէ լուծել յամառութեամբ եւ նախապայմաններով, այլ` երկխօսութեամբ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ողջունեց կառավարութեան մէջ տիրող աշխուժութիւնը` աւելցնելով, որ դիւանագիտական անձնակազմին նշանակումը լաւ քայլ մըն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Լիբանանի մէջ երկփեղկում չստեղծուի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը հրաժարի` առանց զայն փոխարինող կազմի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու, ապա Լիբանան անիշխանութեան պիտի մատնուի:

ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած եւ ապա ազատ արձակուած լիբանանցի լրագրող Ֆիտա Այթանի յայտնեց, որ Սուրիոյ յեղափոխութիւնը վտանգի ենթարկուած է: Ան հերքեց, թէ ինք տեղեկութիւններ ունի Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան վերաբերեալ միջազգային կեցուածքները որոշ փոփոխութիւններ կրած են եւ անոնք կը հաստատեն, որ ներկայ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականին պարագային երկրին մէջ ստեղծուելիք անիշխանութեան մասին յայտարարութիւնները անտեղի են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Շամի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան շնորհիւ է, որ երկրին նկատմամբ այդքան արտաքին զօրակցութիւն կը ցուցաբերուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանի նիստերուն պիտի չմասնակցին, եթէ ապահովական իմաստով մտավախութիւնները չփարատին: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ տարակարծութիւնները քաղաքական են եւ ոչ թէ համայնքային: Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ հարցը ուղղակի կապուած է երկրին ապահովական կացութեան հետ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի քաղաքական լարուածութեան վերջ մը դնելու նախաձեռնութիւնները պիտի երկարին մինչեւ յառաջիկայ ամիս:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան գծով բացուած հետաքննութիւնը կ՛ընթանայ կատարեալ գաղտնապահութեամբ` աւելցնելով, որ պէտք է այս իմաստով երկու մեծ անակնկալներ ակնկալել: Այդ անակնկալները պիտի վերաբերին նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի քննադատեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը հարուածող բոլոր փորձերը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի իր խոստումը չէ յարգած եւ նիւթական հատուցումներ չէ կատարած անոնց, որոնք մասնակցած են ըմբոստութեան օրուան, այսինքն` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան օրուան:

ԷՇՐԵՖԻԷԻ պայթումին թիրախ դարձած ընտանիքները տակաւին նիւթական ոչ մէկ հատուցում ստացած են պետութենէն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի լռութիւնը ցուցանիշ մըն է աւելի ուշ արձանագրուելիք փոթորիկին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ անձնական կեցուածք չեն ճշդած, այլ անոնց նպատակն է Լիբանանը փրկել եւ պաշտպանել` Հըզպալլայի խուլիկանութիւններէն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի քարտուղար, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց զօրակցելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միասնականութեան ջանքերուն եւ մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստերուն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

ՊԱԱՊՏԱՅԻ եւ Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուցած ոչինչ պիտի որոշուի կառավարութեան նոր կազմ մը ունենալու իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES