Նիքոլա. «Ներկայ Կառավարութիւնը Իր Կազմուած Օրէն Պահպանած Է Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա երէկ յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը իր կազմուած օրէն մինչեւ օրս պահպանած է երկրին ապահովական կայունութիւնը, հակառակ Լիբանանի վկայած ամէն տեսակի ապահովական գրգռութիւններուն եւ լարուածութիւններուն:
«Ինչպէ՞ս կարելի է այս կառավարութիւնը սպանութեան կառավարութիւն կոչել, երբ նախապէս իշխող` Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւններուն օրով 12 սպանութիւններ կատարուեցան, տարբեր շրջաններու մէջ», հարց տուաւ Նիքոլա:
Նիքոլա հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են Ազգային երկխօսութեան սեղան ուղղուելու` քննարկելու համար նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնները, իսկ մինչ այդ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները, որովհետեւ անիկա կը վայելէ խորհրդարանին վստահութեան քուէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

