Զօր. Ռիֆի Ընդունեց Ուահապը
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ շեշտեց զինուորական եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ այս զգայուն հանգրուանին, բոլոր այդ հաստատութիւնները կը նկատուին լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող կառոյցներ:
CATEGORIES Լիբանանեան

