Ժոմպլաթ – Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի փափաքին:

Ըստ գրասենեակին, հեռաձայնային մտերմիկ հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:

Ժոմպլաթ Հարիրիին յայտնած է, որ իր միակ փափաքն է նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերուն:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած այլ հաղորդագրութեամբ մը հերքուեցաւ այն լուրը, թէ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ նախկին փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամի հետ:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ եթէ նման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարուի, ապա անիկա կը յայտարարուի:

Այս շրջագիծին մէջ, հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆայի եւ Ժոմպլաթի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կատարուած է, եւ Սաֆա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ փոխանցած է երեսփոխան Ժոմպլաթի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր յարաբերութիւնները ամբողջովին խզած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES