Տաուք Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Ձայնասփիւռի Կայաններու Տնօրէններուն Հետ
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ձայնասփիւռի արտօնագրուած կայաններու տնօրէններուն հետ, որոնց շարքին էր նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կայաններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց շարքին` Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդանաւորդութեան պատճառած ձայնային ալիքներուն խանգարումները:
Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցաւ նաեւ արտօնագրութիւն չունեցող ձայնասփիւռի կայաններուն հարցը, կայանները, որոնք իրենց կարգին ձայնասփիւռի միւս կայաններուն սփռումը կը խանգարեն:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ դատական իշխանութիւնները պիտի աշխուժացնեն իրենց աշխատանքները` առանց արտօնագրութեան գործող ձայնասփիւռի կայանները արգիլեու առումով:
Այս աշխատանքներուն հետեւելու իմաստով կազմուեցաւ սեղմ յանձնախումբ մը, որ հետեւողական կերպով նիստեր պիտի գումարէ` հետապնդելու համար այդ աշխատանքները:


