«Դատապարտելի Են Քաղաքական Բոլոր Արարքները, Որոնք Անձնական Շահերու Համար Կ՛անդամալուծեն Պետական Հաստատութիւնները» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Զօր. Քահուաժի եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց եկեղեցական իշխանութեան եւ միաբանութիւններուն միջեւ աշխատանքի համակարգումի յատուկ սեմինարի մը, որուն ընթացքին ան իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ հիմնականին մէջ քաղաքականութիւնը պարկեշտ աշխատանք է, որ բռնատիրութեան, փտածութեան եւ ուրիշին ենթակայ ըլլալու հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի:

«Այս շրջագիծին մէջ, եկեղեցին կը դատապարտէ քաղաքական որեւէ աշխատանք, որ անձնական շահերու կը ծառայէ եւ այդ պատճառով երկրին պետական հաստատութիւնները կ՛անդամալուծէ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ի տես այս անարդարութեան եւ անիրաւութեան,  եկեղեցին ձեռնածալ եւ լուռ պիտի չմնայ: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի ազգային ուխտը կոչ կ՛ուղղէ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքին, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան: Ան շեշտեց, որ մարոնի եկեղեցին իր հաւատացեալներով եւ կառոյցներով դարձած է լիբանանեան էութեան ու ազգային ուխտին հիմքը եւ իբրեւ այդպիսին ան պարտականութիւն ունի ուղղելու իր զաւակները` յարգելու երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին սկզբունքները:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին յայտարարած «Առաքելական յորդոր»-ը բոլորս կը զետեղէ յանձնառութիւններու առջեւ` պահպանելու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը եւ Լիբանանը` իբրեւ պատգամի երկիր:

«Այս յանձնառութեան պատասխանատու մնալու նպատակով եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է իր իշխանութեան եւ միաբանութիւններուն միջեւ աշխատանքը համակարգել եւ ծառայել ժողովուրդին», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:

Կէսօրէ ետք Ռայի պատրիարքը ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որ շնորհաւորեց պատրիարքը անոր կարտինալ ընտրուելուն առիթով: Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES