Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Դէմ Յարձակումը

Նախագահ Սլէյման` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի ընտանիքին անդամներուն հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ Լասայի շրջանին մէջ գործուած յարձակումը, որուն դրդապատճառները անկարելի է ընդունիլ:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու պատճառները, նման արարքներ մերժելի են:

Նախագահ Սլէյման պահանջեց, որ ապահովական կառոյցները աշխուժացնեն իրենց հետաքննութիւնները` հետապնդելու համար յարձակումը գործող կողմերը:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած այդ յարձակումին հետաքննութեան մասնակցի լիբանանեան բանակը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր: Քննարկուեցան Միացեալ Նահանգները հարուածած «Սենտի» փոթորիկին մօտակայ շրջաններուն մէջ բնակող լիբանանցիներուն իրավիճակն ու անոնց օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի հետ եւ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի եւ Չինաստանի դեսպաններ Խորխէ Խուրի եւ Ուօ Զիքսիան: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի ընտանիքը:

Նախագահ Սլէյման դարձեալ ցաւակցութիւն յայտնեց Հասանի ընտանիքին` հաստատելով, որ Ուիսամ Հասան միայն իր ընտանիքին նահատակը չէ, այլեւ` Լիբանանին կորուստը, նկատի ունենալով անոր նուաճումները` լիբանանցիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES