Միքաթի Քննարկեց Աշխատավարձի Յաւելումները Ֆինանսաւորելու Միջոցները
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասը եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան կողմէ վաւերացուած պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆնանսաւորելու միջոցները:
Նահհաս յայտնեց, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Ռիատ Սալամէ եւս պիտի մասնակցի կառավարութեան նիստին, իսկ յաւելումները խորհրդարան փոխանցելու որոշումը պիտի տրուի վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատին առաքելութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ թուրք ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ինք բազմիցս անոնց կողմէ լսած է Լիբանանի կայունութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու կարեւորութեան ակնարկող հաստատումներ:
Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին նոր տեղեկութիւններ չկան, սակայն զանոնք ազատ արձակելու իմաստով Անգարայի կողմէ ճիգ չի խնայուիր: Ան աւելցուց, որ ինք վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ վարչապետին յանձնեց յառաջիկայ 22 նոյեմբերին բանակին կողմէ Լիբանանի անկախութիւնը նշելու տօնակատարութեան հրաւէրը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, որ շեշտեց Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող իսլամ արգելափակեալները ամէնէն արագ միջոցին դատավարութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:


