Նախագահ Հոլլանտ Պիտի Այցելէ Լիբանան
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ վաղը կանուխ առաւօտեան պիտի ժամանէ Լիբանան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Հոլլանտի այցելութիւնը, որուն նպատակն է լիբանանեան պետութեան զօրակցութիւն ցուցաբերել, պիտի սահմանուի նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպումով մը, որմէ ետք նախագահներ Հոլլանտ եւ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ պիտի հրաւիրեն մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք Հոլլանտ պիտի մեկնի Պէյրութէն: Կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի նախագահին Լիբանան այցելութիւնը միայն քանի մը ժամ տեւէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

