Արկածի Պատճառով 4 Զինուորներ Կը Զոհուին, Իսկ 15 Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին

Պայմանագրային զինուորներ տեղափոխող փոխադրակառք մը հինգշաբթի երեկոյեան Վարդենիս-Քարվաճառ ճամբուն վրայ արկածի ենթարկուած է: Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, տակաւին չբացայայտուած հանգամանքներու մէջ «Ուրալ» մակնիշի բեռնատար փոխադրակառքը դուրս եկած է երթեւեկելի մասէն եւ գլորած ձորը, որուն հետեւանքով փոխադրակառքին վարորդը եւ երկու զինուորներ մահացած են: Հիւանդանոցի ճամբուն վրայ մահացած է այլ զինուոր մը եւս:

Զոհերուն անունները հետեւեալներն են` պայմանագրային զինուորներ Մանուէլ Ապիճանեան, Սանասար Փիլոյեան, Գագիկ Վարդանեան եւ մեքենայի վարորդը` Արթուր Երեմեան:

Արկածէն անմիջապէս ետք 15 զինուորներ տարբեր աստիճանի մարմնական վէրքերով փոխադրուած են Վարդենիս քաղաքի զինուորական հիւանդանոցը: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկ վիրաւորներէն վեցը տեղափոխուած են Երեւան: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ զինուորներէն մէկուն վիճակը ծանր է:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հանրութեան հետ կապերու վարչութեան սպայ Մերի Սարգսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին կը ճշդուին, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ փոխադրակառքը գլորած է ձորը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES