«Ցեղասպանութեան Հարցով Ֆրանսայի Նախկին Իշխանութիւններուն Քաղաքականութեան Պատճառով Ժողովուրդը Տուժած Է» Կ՛ըսէ Պաղըշ

Պաղըշ` ֆրանսացի գործարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ ընդունած է Ֆրանսայի գործարարներու պատուիրակութիւնը եւ յայտարարած, որ Ֆրանսայի նախկին ղեկավարութեան սխալներուն պատճառով  ֆրանսական ընկերութիւնները միշտ տուժած են:

«2002-էն Ֆրանսայի հետ առեւտուրի շրջանառութիւնը կը կազմէ 5 միլիառ տոլար: 2011-ին անիկա հասած է 16 միլիառի: Ֆրանսայի սխալ քաղաքականութեան պատճառով նախկին ղեկավարները վնաս պատճառեցին Ֆրանսայի ժողովուրդին, եւ ֆրանսական ընկերութիւնները ստիպուած եղան ատոր գինը վճարել», ըսած է Պաղըշ` ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:

Պաղըշ յայտնած է, որ յաջորդ շաբթուան սկիզբը Ֆրանսա պիտի մեկնի` այդ երկրի Եւրոպական Միութեան հարցով նախարարին հետ հանդիպում ունենալու համար: «Յոյսով ենք, որ յառաջիկային վերականգնին  Ֆրանսայի հետ պատմական եղբայրական յարաբերութիւններն ու գործընկերութիւնը», ըսած է Պաղըշ:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցին, ֆրանսացի գործարարները եւս համաձայն գտնուած են «պատմութիւնը պատմաբաններուն ձգելու» Թուրքիոյ առաջարկին: Նոյն պատուիրակութիւնը հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի հետ, որ քննադատած էր Ֆրանսան ցեղասպանութեան հարցը արծարծելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները փճացնելուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES