«Վարչապետը Չի Կրնար Ղեկավարել Փտածութեան Դէմ Պայքարող Մարմինը» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան արձագանգեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի` փտածութեան դէմ պայքարին միանալու կոչին:
Վահան Յովհաննիսեան փտածութեան դէմ «վիրաբուժական միջամտութեան ճամբով» պայքարը ոչ թէ աշխատանքէն հեռանալով, այլ դէպի բանտ ճամբուն կը տեսնէ: Տարիներ առաջ հակափտածութեան մարմինի աշխատանքներուն մասնակցած է եւ շուտ հրաժարած: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ մարմինը անարդիւնաւէտ կ՛աշխատի, որովհետեւ վարչապետը չի կրնար այսպիսի մարմին մը ղեկավարել: Դաշնակցութիւնը հարցը նոյնիսկ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ ներկայացուցած էր, որպէսզի իշխանութեան ներքեւ փտածութեան դէմ պայքարող մարմինը ոչ իշխանական ըլլայ:
Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ հաշուետուն եւ հաշուառուն պէտք չէ համատեղուին նոյն անձին մէջ. ասիկա կը նշանակէ, որ այդ մարմինը պէտք է անկախ ըլլայ կառավարութենէն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ արդիւնաւէտութեան հասնելու համար փտածութեան դէմ պայքարող մարմինի լիազօրութիւնը պէտք է ընդդիմութեան տալ:
«Ո՞վ աւելի շահագրգռուած է գտնելու, բացայայտելու եւ կանխարգիլելու իշխանութեան սխալները` ընդդիմութիւնը եւ երբ ան ատիկա կ՛ընէ` իշխանութիւնը շահագրգռուած է չսխալելու, փտածութեան մէջ չթաղուելու գործին մէջ: Կը կարծեմ, որ ասիկա ճիշդ ճամբայ կ՛ըլլայ: Բայց վարչապետի դժգոհութիւնը այսօրուան պայքարի մակարդակով յոյս կը ներշնչէ, որ թերեւս տեսնեն այն ճամբան, որ նշեցի եւ հասնին ճիշդ որոշման», ըսաւ Յովհաննիսեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը կարեւոր չի նկատեր, որ ասիկա նախընտրական քա՞յլ է, թէ՞ ոչ: Ըստ անոր, ամէն քայլ, որ կը կատարուի ի նպաստ ժողովուրդին, գնահատելի է` անկախ անոր կատարման ժամանակաշրջանէն: Արդիւնքները հետագային ի յայտ կու գան:


