Ի Պատասխան Ազրպէյճանական Սպառնալիքներուն. «Մենք Ալ Ի Վիճակի Ենք Ոչնչացնելու Պաքու Ուղղուող Օդանաւերը» Կը Շեշտէ Հայկական Կողմը
Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հետ կապուած Ազրպէյճանի հերթական յայտարարութեան վերաբերեալ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ աշխարհի մէջ գործող բոլոր օրէնսդրական եւ բարոյական չափանիշերը ուղղակիօրէն կ՛արգիլեն ուժ կիրարկել քաղաքացիական փոխադրամիջոցներու, որոնց շարքին` օդանաւերու նկատմամբ:
Սակայն, Յովհաննիսեան վերապահ է, քանի վստահ չէ, թէ Ազրպէյճան կը հասկնայ այդ օրէնքները կամ բարոյական չափանիշերը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլտար Սապիրօղլու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման վերաբերեալ չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ գոյութիւն ունի Շիքակոյի դաշինք` քաղաքացիական օդանաւորդութեան մասին: Երկրորդ` ան նշած էր, որ պէտք է հաշուի առնել, որ մենք ներկայիս կը գտնուինք պատերազմական իրավիճակի մէջ եւ երրորդ` եթէ հայերը դիմեն այսպիսի քայլի մը, ապա պիտի ստանան համարժէք պատասխան, այսինքն` Ազրպէյճանի բանակը պիտի կատարէ իր վրայ դրուած պարտաւորութիւնները:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբերին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան լաւագոյնս ներկայացուցած է դէպքերուն ազրպէյճանական սպառնալիքներուն ակնարկուող պատահելիքին զարգացման պարագային հայկական կողմի պատասխանը, այն է` հայկական կողմը եւս ի վիճակի է ոչնչացնել դէպի Պաքու ուղղուող օդանաւերը:
Վերջերս Յակոբեան յայտարարեց, որ հակառակորդը փաստացիօրէն ի վիճակի է հարուածելու քաղաքացիական օդանաւերը, քանի որ կը տիրապետէ այսպիսի զէնքի:
«Բայց կը ցանկամ նշել, որ մենք ալ նոյնը կրնանք ընել եւ կործանել Պաքու մեկնող օդանաւերը, թէեւ երբեք մեզի նման կարգի յայտարարութիւններ թոյլ չենք տուած», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը այս տարի արդէն ուղեկցած է 2226 օդանաւերու դէպի Ազրպէյճանի տարածք: Յակոբեան նշեց, որ կարելի էր այդքան օդանաւեր կործանել:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մնայուն յանձնախումբի նախագահ Կորիւն Նահապետեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին միանշանակ սադրանք որակելով Ազրպէյճանի նշեալ յայտարարութիւնը յայտնեց, որ զուսպ կը վերաբերի անոր նկատմամբ: Նահապետեան նշեց, որ քաղաքական եւ ռազմավարական որոշ նկատառումներէ մեկնելով` նպատակայարմար չի նկատեր հայկական կողմին հաւանական արձագանգի մասին խօսիլը:
«Բազմիցս մենք նշած ենք, որ թէ՛ Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ թէ՛ առանձին սադրիչ գործողութիւններու առիթով մենք միշտ պատրաստ ենք համապատասխան գործողութիւններ կատարելու: Ատիկա կրնայ ըլլալ առանձին յայտարարութիւններու տեսքով, կրնայ ըլլալ նաեւ համարժէք զինուորական գործողութիւններու տեսքով, այնպէս որ կը վստահեցնեմ, որ մեր իշխանութիւններուն կողմէ համարժէք քայլերը կ՛իրականացուին, եւ որեւէ մտավախութիւն պէտք չէ ունենալ», աւելցուց Նահապետեան:
Ստեփանակերտի օդակայանը արդէն իսկ յանձնուեցաւ շահագործման, սակայն տակաւին թռիչքներ չեն իրականացուիր: Օդակայանի գործարկման առնչութեամբ Ազրպէյճանը պարբերաբար կարծր յայտարարութիւն կը կատարէ` սպառնալով կործանել քաղաքացիական օդանաւերը:
Այդ յայտարարութիւնները մտահոգեցին նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Այս տարուան յուլիսին տագնապի գօտի կատարած հերթական այցելութեան իբրեւ արդիւնք համանախագահները կատարեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած էին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օդակայան բանալու ծրագիրին վերաբերեալ կողմերէն հաւաստիացում ստացած են այն մասին, որ վերջիններս կը բացառեն որեւէ սպառնալիք կամ ուժի կիրարկում քաղաքացիական օդանաւի դէմ:

