Ճատրակ. Չիկորինի Անուան Մրցաշարք. Յովհաննիսեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող Չիկորինի անուան ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան կրեց իր առաջին պարտութիւնը` ռուս Ալեքսանտր Շիմանովէն:

Յովհաննիսեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, առաջին չորս հանգրուաններու մրցումներուն արձանագրած էր չորս յաղթանակ:

Այժմ Շիմանով եւ անոր ազգակիցը` Անթոն Տեմչենքօ, ունին 5-ական կէտ:

Յովհաննիսեանի նման 4-ական կէտ ունին նաեւ Աւետիք Գրիգորեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան:

Իսկ 3,5-ական կէտ ունին Արթուր Գաբրիէլեան, Սերկէյ Գրիգորեանց, Զաւէն Անդրէասեան, Յովիկ Հայրապետեան, Վահէ Պաղտասարեան, Նիքիթա Մատինեան եւ Գոռ Հայրապետեան:

Մրցաշարքը կ՛աւարտի 4 նոյեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES