Հայաստանի Վարչապետի 2012-Ի Ֆութպոլի Բաժակի 4-րդ Մրցաշարք. Պաշտպանութեան Նախարարութեան Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին
Երէկ աւարտեցաւ Հայաստանի վարչապետի 2012-ի ֆութպոլի բաժակի 4-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խումբին ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան խումբին միջեւ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան խումբը երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, երբ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Արմէն Իկիթեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան նշանակեցին երկուքական կոլ, իսկ մէկ կոլ` Էդիկ Աւանէսեան:
Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարութեան խումբը նախապէս տիտղոսին տիրացած էր 2009-ին եւ 2010-ին:
3-րդ դիրքը գրաւեց ոստիկանութեան խումբը:
Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ բոլորը ֆութպոլի այս տօնական մթնոլորտին առիթով: Յատուկ կերպով կը շնորհաւորեմ նաեւ տիտղոսակիրը, որովհետեւ անոր արձանագրած յաղթանակը մեր բոլորին յաղթանակն է, ինչպէս նաեւ բանակի յաղթանակը` մեր բոլորինը: Այս մրցաշարքին պարտուողներ չեղան: Բոլորս ալ յաղթեցինք»:
Նշենք, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը յաջորդաբար ստացան 600,000, 400,000 եւ 200,000 դրամ, ինչպէս նաեւ մարզազգեստներ:
Աւարտական այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան եւ կառավարութեան այլ անդամներ:

