Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Եւ Պիպլոս Յաղթանակով Սկսան Նոր Տարեշրջանը

Պըժժէ – Ռիատի Պէյրութ մրցումէն (PROFOTO)

Երէկ` ուրբաթ, 2 նոյեմբերին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի երկու ճակատումներ:

Առաջինին, նոր տեղի ունեցաւ Պիպլոսի դաշտին վրայ, հիւրընկալ կազմը 84-81 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մութթահետ Թրիփոլիին: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 26-15, 50-34, 58-59 եւ 84-81:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Սանթրալի դաշտին վրայ Պըժժէ, որ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, 89-61 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (14-12, 27-41, 39-63 եւ 61-89):

Ա. հանգրուանի մնացեալ մրցումները շաբաթավերջին կը շարունակուին հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ԱՅՍՕՐ                        ԺԱՄ  ԴԱՇՏ

Անդրանիկ Պէյրութ – Շանվիլ 16:00 «Տեմիրճեան»

ՎԱՂԸ

Սաժես Պէյրութ – Հուփս          17:00 Ղազիր
Անիպալ Զահլէ – Ամշիթ          17:00 Զահլէ

 

Share this Article
CATEGORIES