Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Պիտի Ունենայ Սեն Ժոզեֆ – Սատաքա Գագաթի Մրցումը
Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ գագաթի մրցում մը` պարագլուխի դիրքը գրաւող Սատաքայի եւ անոր անմիջական մրցակիցին` Սեն Ժոզեֆի միջեւ:
Ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած Սատաքա, որ այս տարեշրջանին կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն, այժմ երեք կէտի առաւելութիւն մը ունի Սեն Ժոզեֆի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է:
Մինչ Սատաքա պիտի փորձէ ամրապնդել պարագլուխի իր դիրքը` փորձելով յաղթանակ մը արձանագրել, անդին Սեն Ժոզեֆ արգելք պիտի հանդիսանայ անոր:
Նշենք, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

