50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1962)

Ներքին Կեանք

Պէյրութ Մաքուր Քաղաք Մը Պիտի Ըլլայ

Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի շաբաթ կէսօրէ ետք քննական պտոյտ մը կատարեց Պէյրութի կարգ մը փողոցներուն մէջ` անձնապէս տեղեակ ըլլալու համար Պէյրութի բնակչութեան պահանջներուն:

Այսօր` երկուշաբթի, վարչապետ Քարամէ, ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ , Էմիլ Եաննի, ոստիկանութեան տնօրէն դեր-գնդապետ Սայիտ հասան եւ քաղաքապետութեան մաքրութեան սպասարկութեան պետը քննական պտոյտ մը պիտի կատարեն մայրաքաղաքին մէջ` տեսնելու համար, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է փողոցներուն մաքրութիւնը եւ ստուգելու, թէ առողջապահութեան կանոնները կը յարգուի՞ն: Այս շրջապտոյտը մաս կը կազմէ Պէյրութի «մաքրութեան ամիս»-ի պատրաստութեան: Այս «ամիս»-ը պիտի կազմակերպուի մօտերս քաղաքապետութեան կողմէ:

Իրենց շրջապտոյտէն ետք վարչապետը եւ Պէյրութի քաղաքապետը պիտի հաւաքուին ներքին գործոց նախարարին գրասենեակին մէջ` ուսումնասիրելու համար «Մաքրութեան ամիս»-ի կազմակերպումը:

Նախագահ Շեհապ Ներկայ Եղաւ
Պապական
Պատարագին

Յովհաննէս ԻԳ. պապի գահակալութեան չորրորդ տարեդարձին եւ Վատիկանի Տիեզերական ժողովին առթիւ, երէկ` կիրակի, մարոնիներու Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ պապական պատարագ:

Պատարագին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապ, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, բազմաթիւ նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, եւայլն:

Եկեղեցիին առջեւ խռնուած բազմութիւնը, ժամանման թէ երթի պահուն ծափողջոյններով ընդունեց նախագահը:

Բարքերու Ոստիկանութեան Պետը
Պիտի
Պատժուի

Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնը հրահանգեց քննութիւն մը բանալ` ճշդելու համար, թէ ի՛նչ պայմաններու ներքեւ բարքերու ոստիկանութեան պետը Պուրճի հրապարակին վրայ: Նահատակաց յուշարձանին մօտ կանգ առած խումբ մը կրօնաւորուհիներէ պահանջած էր գալ ոստիկանատուն` իրենց ինքնութիւնը ստուգելու համար: Ձերբակալուած կրօնաւորուհիները առանց դժուարութեան կրցան իրենց ինքնութիւնը հաստատել: Բայց բազմաթիւ բողոքագիրներ հասան ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնին, որ կը մտածէ պատժել բարքերու ոստիկանութեան պետը:

Երկու Հայ Վկայեալներ Գրական
Բարձրագոյն
Վարժարանէն

Պէյրութի գրականութեան բարձրագոյն վարժարանի քննութիւնները յաջողութեամբ աւարտելով, գրական ընդհանուր ուսմանց վկայական ստացած են երկու հայ ուսանողներ. սերի մոտեռն` Յակոբ Պալեան, Արդիական եւ ժամանակակից պատմութիւն` Մելինէ Տէր Յակոբեան:

Խորհրդարանը Պիտի Չլուծուի

Կառավարութեան անդամներէն մէկը երէկ վճռապէս հերքեց այն զրոյցները, որոնց համաձայն, 99-երու խորհրդարանը մօտերս պիտի լուծուի: «Խորհրդարանը լուծելու հարց չկայ», ըսաւ նախարարը, որ աւելցուց. «Հանրապետութեան նախագահը կը պահանջէ, որ խորհրդարանը աւարտէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը»:

Մաքսային Եկամուտները
Յարաճուն
Յաւելումի Մէջ

Վերջին հինգ տարիներու մաքսային եկամուտները յարաճուն յաւելում մը կ՛արձանագրեն, եթէ նկատի չունենանք 1958 տարին, երբ որոշ անկում մը արձանագրած են, դէպքերու հետեւանքով:

Ստորեւ կու տանք եկամուտներու բաղդատական պատկերը.

Տարի Լ. ոսկի
1957 78,000,000
1958 66,000,000
1959 90,000,000
1960 112,000,000
1961 115,950,000

1962-ի առաջին կիսամեային, մաքսային եկամուտը հասած էր 57,837,729 լ. ոսկի:

Share this Article
CATEGORIES