Անցեալի Եւ Ներկայի Միջեւ. Ինչո՞ւ Ձեռագիրը Կարեւոր Է

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հիթլերի ստորագրութեամբ եւ յունուար 1915 թուականը կրող բացիկ մը: Ձեռագիրը կ՛արտացոլէ անոր մեծամոլութեան հոգեբանական ախտը, ինչպէս կ՛ըսեն ձեռագիրի մասնագէտներ:

ԱՐԴԵՕՔ ՁԵՌԱԳԻՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅՆՊԻՍԻ ԱՐԺԷՔ ՄԸ, ԶՈՐ ՉԵ՞Ն ԿՐՆԱՐ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ Ե-ՆԱՄԱԿՆ ՈՒ ԲՋԻՋԱՅԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒԱԾ ԵՐԿՏՈՂԵՐԸ: «ՏԻ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԹԵՐԹԸ Կ՛ԱՐՏԱՏՊԷ ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ ԷՔՍԵԹԸՐԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ ՖԻԼԻՓ ՀԵՆՇԸՐԻ «ՏԸ ՄԻՍԻՆԿ ԻՆՔ. ՏԸ ԼՈՍԹ ԱՐԹ ԱՖ ՀԵՆՏՐԱՅԹԻՆԿ, ԷՆՏ ՈՒԱՅ ԻԹ ՍԹԻԼ ՄԵԹԸՐԶ» (ԲԱՑԱԿԱՅ ՄԵԼԱՆԸ. ՁԵՌԱԳԻՐԻ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԸ, ԵՒ ԻՆՉՈ՛Ւ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՆԻԿԱ) ԳԻՐՔԷՆ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀԵՂԻՆԱԿԸ Կ՛ԱՓՍՈՍԱՅ ԴԱՆԴԱՂ ՄԱՀԸ ԳՐԱՒՈՐ ԲԱՌԻՆ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԹՈՒՂԹԻ ՎՐԱՅ ՄԱՏԻՏՈՎ ԳՐԵԼԸ, ԻՐ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐՈՎ, ՏԱԿԱՒԻՆ ԿՐՆԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ՏԵՂ ՄԸ ԳՐԱՒԵԼ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ:

Շուրջ վեց ամիս առաջ անդրադարձայ, թէ ծանօթ չէի իմ լաւ մէկ բարեկամիս ձեռագիրին: Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը ճանչնայի զայն, սակայն երբեք առիթը չէինք ունեցած գրաւոր երկտողերով հաղորդակցելու: Հեռաձայնին վրայ իր ձայնով արձանագրուած խօսքեր կը ձգէր, ե- նամակ կը գրէր, բջիջային հեռաձայնիս երկտողերու տարափ մը կ՛ուղարկէր: Սակայն չեմ կարծեր, որ երբեւիցէ իրմէ ստացած եմ որեւէ ձեռագիր նամակ մը, բացիկ մը` արձակուրդի իր ճամբորդութիւններէն, նամակատուփիս մէջ դրուած որեւէ բան մը: Գաղափար չունէի, թէ արդեօք անոր ձեռագիրը յանդո՞ւգն էր, թէ` խճճուած, ծո՞ւռ, թէ՞` ուղի՞ղ, շե՞ղ, թէ՞ ոլորուն, շքե՞ղ, թէ՞ թափթփած:

Ինծի այնպէս թուաց, թէ կ՛ապրինք այն պահը, երբ ձեռագիրը մէկանգամընդմիշտ պիտի անհետանայ մեր կեանքէն: Վերջին քանի մը տարիներուն տեղ մը անիկա դադրած է կատարել մարդոց միջեւ անհրաժեշտ եւ անխուսափելի միջնորդի իր դերը` իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց: Մարդիկ իրենց անհատականութենէն մաս մը կը դնէին, երբ երկտող մը կը գրէին եւ գրիչին մելանը կը հոսեցնէին թուղթին վրայ: Այժմ ձեռագիրը դարձած է հաղորդակցութեան բազմաթիւ ընտրանքներէն մէկը եւ յաճախ` ոչ գրաւիչ, մանուածապատ միջոց մը:

Կերպարանափոխուելու Ճիգ

Իւրաքանչիւրս թուղթի վրայ մելանով նշաններ արձանագրած ենք այն օրէն, որ կը յիշենք: Օր մը մէկը մեզի ըսած է, որ եթէ կլոր մը գծենք եւ ուղղահայեաց գծիկ մը կցենք անոր, կ՛ունենանք «Էյ.» տառը, այնպէս ինչպէս զայն կը տեսնենք գիրքին մէջ (սակայն գիրքին մէջ մեր տեսածը փոքրիկ հովանոցի պէս բան մը ունի իր գագաթին, այնպէս չէ՞: Սակայն ասիկա հարց չէ, մենք այսպէս կը գրենք զայն): Եթէ գծենք այլ կլոր մը` հակառակ ուղղութեամբ եւ աւելի երկար ուղղահայեաց գիծ մը կցենք անոր, ապա կ՛ունենանք «Պի.» տառը: Եւ այսպէս` շարունակաբար…

Իրականութեան մէջ, չեմ յիշեր այս առաջին ծանօթացումը` թուղթի վրայ տառեր գրելու արուեստին: Կը թուի, թէ մեր ձեռագիրը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, մեզի պէս: Թէեւ չեմ յիշեր, թէ ինչպէս գրել սորված եմ, սակայն յստակ կը յիշեմ, թէ ի՛նչ յաջորդած էր անոր. ձեռագիրը բարելաւելու ցուցմունքներ, զայն յղկելու թելադրանքներ:

Կ՛երազէինք գրել` տառերը միացնելով: Սորված էինք գրել հատիկ- հատիկ, իսկ ես կը ցանկայի զարգացնել մէկ տառը միւսին միացնելու կարողութիւն մը` զայն նկատելով կատարեալ զարգացումի ապացոյց մը: Ճիշդ է, չափահասներուն գիրը անընթեռնելի էր, սակայն թերեւս այս էր բուն նպատակը: Չափահասի մը ձեռագիրին ոլորքները եւ անհամբեր հարուածները կը նկատէի հաղորդակցութեան գաղտնի եւ կասկածելի միջոց մը, որուն պիտի տիրապետէի օր մը:

Նաեւ կար ձեռագիրդ այլոց ձեռագիրին նմանցնելու ցանկութիւնը: Յաճախ ասիկա կը սկսէր տառ մը կամ թիւ մը նմանցնելով: Երկրորդ դասարան էի, մեր ուսուցչուհին 7 թիւը կը գրէր եւրոպական ձեւով` գծիկ մը աւելցնելով: Կախարդական, մշակուած աշխարհ մը կախուած էր այդ գծիկէն. այս թիւը թերեւս նոյնիսկ կրնար կրել ֆրանսական գլխարկ մը եւ Ժիթան ծխել` ուսողութեան յատուկ դաստիարակչական իրերու պահարանին մէջ:

Ձեռքդ կը շարժի` այլցոց ձեռքէն ներշնչուած. բարեկամի մը գեղեցիկ շեղ ձեռագիրի հարուածներէն,  որոնք կը թուի, թէ վատնուած են բացիկի մը մէջ, կամ` երկտողի մը, որ ձգուած է մեր տան դրան վրայ եւ կ՛ըսէ. «Հանդիպեցայ, կը վերադառնամ աւելի ուշ»: Անիկա նաեւ կը ձեւաւորուի հակառակ ցանկութեամբ. չնմանելու` ետեւի գրասեղանին նստած Տընիզին, որ բերանը բաց կը կարդայ, եւ որուն ձեռագիրը` գիրուկ «Էմ.»երով եւ օղակուող «Փի.»երով, կը պարունակէ իւրաքանչիւր «Այ.»ի վրայ կէտի փոխարէն` կլորակ մը գծելու կոպտութիւնը, եւ սիրտ մը` իր անունին ստորագրութեան կողքին:

Մեր ձեռագիրին ճամբով կերպարանափոխուելու այս ճիգերը կը դառնան մէկ մասը մեր էութեան: Նոյնպէս ալ` գրիչով գրելու մեր սովորութիւններուն եւ վարուելակերպին հաճելի մանրամասնութիւնները: Աջ ձեռքիս մէկ մատին յօդին վրայ, հոն, ուր գրիչը կը յենի, կազմուած է կոշտ մը, որ գոյութիւն ունի 40 տարիէ ի վեր: Զայն կը կոչէի «պալարս»: Կը զգայի կարծր ուռեցքը, մելան ծծող կաշիի կտորի մը պէս: Բառեր եւ նախադասութիւններ արձանագրելու միջեւ, տեղ մը մտածումս խթանելու մղումով, երբեմն զայն կը շփէի բութամատով եւ կը հանգստացնէի:

Նաեւ կարելի էր մեր փնտռած ճիշդ բառը գտնել` գրիչը ծամելով. հաճելի ժամանց մը, որուն կը նպաստէր իւրաքանչիւր գրիչ` իրեն յատուկ ձեւով: Թափանցիկ պատեանով Պիք Քրիսթըլը ունէր կափարիչ մը, զոր կարելի էր ծամել կամ բերնով հեռուները թռցնել: Իսկ գրիչին պատեանը կատարելապէս կը ծառայէր իբրեւ ամազոնեան զէնք` անոր մէջ թաց թուղթի ոլորուած գնդիկներ լեցնելու եւ փչելու համար հակառակորդին դէմ:

Զգացական Կապ Մը

Մեր առօրեայ սովորութիւններով եւ զգայարաններով ստեղծուած է կապ մը գրիչին հետ: Այսօր նոյնպիսի կապ մը չենք զգար գրելու տարբեր միջոցներուն հետ: Բոլորին պէս շատ կը գրեմ համակարգիչին վրայ, եւ` աւելի քան 20 տարիէ ի վեր: Կրնամ նկարագրել թուղթի վրայ գրիչով գրելէ ստեղնաշարով գրելու անցումիս վայրկեանը. 1987-ի այն օրը, երբ աւարտաճառիս առաջին գլուխը յանձնեցի Քէյմպրիճի համալսարանի իմ դասախօսիս: Ձեռագիր գրած էի, ոչ թէ ձեւի համար, այլ որովհետեւ միշտ այդպէս գրած էի նիւթերս: Ան նիշս դրաւ, հառաչեց, գրութիւնս վերադարձուց եւ ըսաւ. «Յառաջիկային կրնա՞ս մեքենագրել աշխատանքդ»: Այդպէս ալ ըրի, գրամեքենայի փոխարէն` համակարգիչ գործածեցի: Սակայն այսքան ժամանակ ետք իմ մէջս ջերմ զգացումներ չեն զարգացած այս գործիքին նկատմամբ: Չեմ կրնար կրծել զայն գրիչի մը պէս, չեմ կրնար զայն նկատել իմ էութեանս ուղղակիօրէն կապուած բան մը: Գրիչը մարդուն ընկերակցած է հազարամեակներէ ի վեր, հետեւաբար ոչ միայն ջերմ է, այլ` գրեթէ կենդանի. կարծէք մեր ձեռքին մէկ այլ մատն է: «Շարժող մատը կը գրէ, եւ գրելով կը շարունակէ շարժիլ», կ՛ըսէ Օմար Խայեամ: Գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս:

Գրելու այլ գործիքներ, բջիջային հեռաձայններ, գրեթէ հոգեբանական նոյն տարածքը կը գրաւեն մեր էութեան մէջ, ինչպէս` գրիչը: Տասը տարի առաջ մարդիկ իրենց բջիջային հեռաձայնը կը կրէին իրենց գրպանին մէջ: Այժմ զանոնք տեւական բռնած են իրենց ձեռքին, զայրացկոտ փոքրիկ անասունի մը պէս, որ խէթ նայուածքով կը դիտէ մեզ` տեւաբար մեր բարեացակամութիւնը հայցելով: Յստակ է, որ մարդիկ իրենց բջիջային հեռաձայնները որոշ չափով կը նկատեն իրենց էութեան շարունակութիւնը: Այսուհանդերձ, մեր մէջ չեն զարգացած հաճելի վարմունքի գողտրիկ արտայայտութիւններ, որոնք այնքա՛ն սովորական են գրիչներու պարագային: Եթէ տեսնենք մէկը, որ իր բջիջային հեռաձայնը կը կրծէ երկտող մը գրելու մասին մտածելու պահուն, ապա կը վճռենք, թէ ան վտանգաւոր խենթ մըն է:

Ձեռքով գրելու մեր սովորութիւնը փոխարինած ենք շատ աւելի մեքենական եւ նուազ մարդկային բանով մը, որ շատ աւելի քիչ բան կ՛ըսէ մեր մասին, շատ աւելի նուազ ներկայ է մեր գերագոյն երջանկութեան եւ ամէնէն խոր ապրումներու վայրկեաններուն: Մելանը կը հոսի մեր երակներուն մէջ եւ ցոյց կու տայ աշխարհին, թէ ինչպիսի՛ անձ մըն ենք: Միտքի եւ գրաւոր լեզուի ձեւաւորումը գրիչով, որ կը շարժի ձեռքով` մելանով նշաններ յանձնելու համար թուղթին, դարերէ եւ հազարամեակներէ ի վեր կը նկատուի բանալին մեր գոյութեան` իբրեւ մարդ: Անցեալին ձեռագիրը կը նկատուէր մեր անհատականութեան գրեթէ ամէնէն զօրեղ ապացոյցը: 1847-ին Ամերիկայի մէջ իրաւական հետապնդումի մը առիթով վկայ մը առանց տատամսելու հաստատած էր վաւերականութիւնը ստորագրութեան մը, թէեւ անոր տիրոջ ձեռագիրը վերջին անգամ տեսած էր 63 տարի առաջ: Ատեանը ընդունած էր անոր վկայութիւնը:

Ձեռագիրը կ՛արձանագրէ մեր անհատականութիւնը եւ այն դրոշմը, որ մեր մշակոյթը դրած է մեր վրայ: Անիկա կը նկատուի մեր հոգիին եւ ներհուն բնաւորութեան անտեսանելի բանալին: Կը նկատուի ապացոյցը մեր հաւաքական առողջութեան, մեր խելացութեան, ինչպէս նաեւ` ինքնին պարզութեան, առաքինութեան, երեւակայութեան եւ գեղեցկութեան առարկայ մը: Այսուհանդերձ, պիտի գայ օրը, երբ ձեռագիրին առնչուած սովորական հաճոյքներն ու արժանավայել բնոյթը վերջնականապէս պիտի փոխարինուին այլ բանով մը:

Ոչ Այնքան Ժամանակավրէպ…

Հարցումը հետեւեալն է. արդեօք պէ՞տք է մտահոգուիլ: Պէ՞տք է ընդունիլ, թէ ձեռքով գրելը կարողութիւն մըն է, որուն ժամանակը այժմ անցած է, կամ արդեօք անիկա ունի՞ արժէք մը, զոր երբեք պիտի չկարենայ փոխարինել գրաւոր բառը: Երբեմն իրապէ՛ս հարց է այս, տնտեսական կամ մարդկային ամէնէն դաժան առումով: Եւ այս` նոյնիսկ նախքան համացանցի յայտնագործութիւնը, որ ձեւափոխեց ամէն ինչ: Միացեալ Նահանգներու մէջ 1994-ին կատարուած վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տային, թէ վատ ձեռագիրի պատճառով ամերիկեան գործառնութիւններ 200 միլիոն տոլարի վնաս արձանագրած էին: 38 միլիոն անընթեռնելի նամակներ կարելի չէր եղած տեղ հասցնել: Քոտաք ընկերութիւնը կը յայտարարէր, թէ լուսանկարչական 400 հազար ժապաւէններ կարելի չէր եղած վերադարձնել` անընթեռնելի անուններու եւ հասցէներու պատճառով: Արդեօք կարեւո՞ր հարց մըն է այս, երբ այլեւս գոյութիւն չունի լուսանկարչական ժապաւէններէ նկարներ լուալու ճարտարարուեստը, ինչպէս նաեւ մեծ չէ թիւը այն նամակի պահարաններուն, որոնց վրայ գրուած են ձեռագիր հասցէներ: 2000-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ դատական ատեան մը 450 հազար տոլար  շնորհեց Թեքսասէն ընտանիքի մը, որուն մէկ անդամը մեռած էր, երբ դեղագործը սխալ դեղ տուած էր` կարդալէ ետք բժիշկին դեղագիրը: 2005-ին Սկովտիոյ մէջ դատական ատեան մը լսեց, թէ Լանաքշըրէն հիւանդապահուհիի մը` Ֆիոնա Թոմսընի ձեռագիրը այնքա՛ն վատ էր, որ անոր մէկ պաշտօնակիցը սխալ կարդացած էր իրեն տրուած ցուցմունքը եւ 4 չափի փոխարէն` 40 չափ ինսիւլին ներարկած էր հիւանդի մը. Մոյրա Փուլար մեռած էր ներարկումին պատճառով, հիւանդապահներն ու հիւանդանոցը շատ բիրտ քննադատութիւններու թիրախ դարձած էին դատավարութեան ընթացքին:

Այսուհանդերձ, նման դրուագներ կ՛ապացուցեն, թէ քիչեր կը հաւատան ձեռագիրը բարելաւելու կարեւորութեան` ի նպաստ հաղորդակցութեան: Ի՛նչ փոյթ, թէ մեր մօրաքրոջ ուղարկած տարեդարձի բացիկը կը կորսուի նամակատան մէջ: Այս բոլոր օրինակները կը նպաստեն տպագրուած դեղագիրներ տալու, ամէն ինչ համացանցի ճամբով տպագրուած մանրամասնութիւններով ապսպրելու եւ երբեւիցէ թուղթի վրայ գրիչով չգրելու վիճարկութիւններուն:

Գիտենք, թէ այսպիսի աշխարհի մը մէջ մարդիկ պիտի գրեն միայն ստեղնաշարի վրայ: Երբ նման անձեր հազուադէպօրէն ստիպուին ձեռագիր նամակ մը գրել, արդեօք ներողամտութեամբ պիտի ընդունի՞նք թուղթին վրայ պարզուած խառնափնթոր պատկերը, երբ հեղինակը որոշած է կամ` անոր պարտադրուած է այսուհետեւ ձեռագիր չգրել: Վերջերս հանրային կարգ մը իրադարձութիւններ մտածել կու տան, թէ առայժմ այս մօտեցումը պիտի չցուցաբերենք: Կը թուի, թէ ձեռագիրը այլեւս կարեւոր չէ մեզի համար, որովհետեւ ամէն ոք ստեղնաշարի վրայ կը գրէ, սակայն միաժամանակ կ՛ակնկալենք, որ երբ մէկը ձեռագիր նամակ մը գրէ, պէտք է շնորհալի, գեղեցիկ եւ վարժ գիրով գրէ զայն:

Ձեռնառումբերով զինուած պահակ զինուոր մը` Ճէյմի Ճէյնզ ռումբի մը պայթումով սպաննուեցաւ Աֆղանիստանի մէջ, 5 հոկտեմբեր 2009-ին: Ճէյմի մահէն ետք այդ օրերու Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն նամակ մը յղեց անոր կնոջ: Երբ տիկին Ճէյնզ ստացաւ նամակը, ապշահար զայն ուղարկեց օրաթերթերուն: Պրաուն նամակը գրած էր իր սովորական թաց մելանով: Անոր գրութիւնը լեցուն էր ուղղագրական սխալներով, ինչ որ կը ստեղծէր այն տպաւորութիւնը, թէ հապճեպով գրած էր, առանց որեւէ յատուկ բծախնդրութեան: Աւելի ցնցիչ էր անոր ձեռագիրը, որ հաւանաբար քիչեր տեսած էին: Տողերը հակած էին ետեւ, տառերը պատահականօրէն իրարու կը միանային, ուղղութիւն չէր պահուած: Մարդիկ կ՛ըսէին, թէ ուսած անձի մը ձեռագիրը չէր:

Ասիկա շատ անարդար էր: Պրաուն, որ այդ ժամանակներուն տակաւին չէր ճանչցուած եւ մարդիկ հազուադէպօրէն կ՛ակնարկէին անոր, մասամբ կոյր էր: Անշո՛ւշտ ան գիտէր «քոնտոլընս» եւ «քոլիկ» բառերուն ուղղագրութիւնը: Խնդրոյ առարկայ նամակը գրուած էր անձի մը կողմէ, որ ձեռքով գրելու մեծ դժուարութիւն ունէր` բժշկագիտական պատճառներով: Խեղճ մարդը պարտաւորուեցաւ հեռաձայնել վրդոված կնոջ եւ ամբողջ իրադարձութիւնը վերածել իր մասամբ կոյր վիճակին քննարկումին:

Այսուհանդերձ, այս դրուագը կ՛ապացուցէ, թէ երբեմն կ՛ակնկալենք, որ մարդիկ լաւ գրեն: Որոշ պայմաններու մէջ կը մերժենք վատ ձեռագիրը. վատ, տգեղ, անգրաճանանչ, տձեւ ձեռագիրը անձի մը, որ երբեք գրելու վարժութիւն չէ կատարած, երբեք չէ մտածած, թէ մարդիկ պարտաւոր են գրել ընթեռնելի գիրով, որպէսզի ուրիշներ կարենան կարդալ եւ նոյնիսկ որոշ հաճոյք զգալ գրուած ձեւէն: Եթէ կ՛ակնկալենք, որ որոշ առիթներով մարդիկ լաւ ձեռագիրով գրեն, արդեօք տրամաբանական չէ՞ նաեւ ակնկալել, որ անոնք մի՛շտ լաւ ձեռագիրով գրեն: Տրամաբանական չէ այն մտածումը, թէ մարդիկ գրեթէ միշտ կը գրեն սարսափելի տգեղ եւ անընթեռնելի ձեռագիրով, սակայն կը բարելաւեն զայն, երբ կը գրեն յատուկ նպատակներով: Երբեմն ձեռագիրը իրապէ՛ս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

Մարդիկը Ճանչնալու Միջոց Մը

Յանգած եմ այն եզրակացութեան, թէ ձեռագիրը նպաստաւոր է մեզի համար: Անիկա մեզ կը դնէ գրաւոր բառին հետ այնպիսի յարաբերութեան մը մէջ, որ միաժամանակ զգայնոտ է, անմիջական եւ անձնական: Անիկա մեր անհատականութիւնը կը բանայ աշխարհին դիմաց եւ մեզի կ՛ընձեռէ այլ անձերու անհատականութիւնը կարդալու միջոցը: Ձեռագիրը հաճոյք կը պարգեւէ, երբ կը հաղորդակցինք այս միջոցով: Ոչ ոք երբեւիցէ պիտի յանձնարարէ, որ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան յարմարաւէտութիւնն ու արագութիւնը փոխարինենք թուղթով եւ գրիչով: Թէեւ անիմաստ պիտի ըլլար հրաժարիլ տպագիր գրութեան յստակ եւ հեղինակաւոր յատկութենէն, որմէ կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք ստեղնաշար կը գործածեն, սակայն մեր կեանքին մէջ ձեռագիրին հետզհետէ նուազ տեղ տալ կը նշանակէ բան մը պակսեցնել մեր մարդկայնութենէն, թէեւ փոքր տարողութեամբ, սակայն` իրական անդրադարձներով:

Մեր կեանքի տարբեր վիճակներուն մէջ կը փորձենք բարելաւել մեր կեանքին որակը` նախընտրելով դանդաղ ընթացքը, այն ուղին, որ քիչ մը աւելի ճիգ կը պահանջէ մեզմէ: Երբեմն ամբողջ գիշեր մը Քիմ Քարտաշեանը չենք դիտեր Եու Թիուպի վրայ, այլ կը կարդանք գիրք մը: Երբեմն պատրաստ ճաշ մը չենք նետեր փուռը, քանի մը վայրկեան ետք զայն դուրս հանելու համար, այլ` կը ջարդենք բանջարեղէնը, կը հետեւինք խոհագիրի մը ցուցմունքին եւ  ճաշ մը կը պատրաստենք հաճոյքով: Այսպէս կը վարուինք, որովհետեւ կը սիրենք մարդիկը եւ կը մտածենք, թէ անոնք երբեմն արժանի են մեր ճիգին: Երբեմն տեղ մը երթալու եւ արագ հասնելու համար ինքնաշարժ չենք բարձրանար, այլ կը բանանք մեր տան դուռը եւ գարնանային արեւոտ օր մը քալելու կ՛երթանք` աւելի լաւ զգացում մը ապրելով:

Թերեւս այս է ձեւը` ձեռագիրը վերադարձնելու մեր կեանքին, իբրեւ բան մը, որ հաճոյք է, որ օգտակար է մեզի համար, եւ մարդկային է այնպիսի ձեւերով, որմէ զուրկ են հաղորդակցութեան այլ միջոցներ: Ձեռագիրը երբեք մարդոց կեանքին մէջ պիտի չունենայ այն տեղը, որ ունէր 1850-ին: Սակայն պէտք է, որ անիկա լաւ ճաշի մը կամ քալելու երթալու կարողութեան պէս որոշ տեղ մը գրաւէ մեր կեանքին մէջ, ուրկէ դժուար թէ դուրս չշպրտուի: Պիտի փափաքէի ճանչնալ մարդիկը` անոնց ձեռագիրը կարդալով. ճանչնալ բարեկամներ, մտերիմներ, ծանօթներ, անծանօթներ եւ անձեր, որոնց երբեք չեմ հանդիպած եւ երբեք պիտի չհանդիպիմ: Պիտի փափաքէի, որ իւրաքանչիւր անձ սերտ եւ իւրայատուկ կապ մը զգար բառերու, մելանի եւ թուղթի հետ, ինչպէս նաեւ` ձեռքին ու թեւին գրելու շարժումին: Պիտի փափաքէի, որ մարդիկ գրեն ոչ միայն յատուկ առիթներով, այլ` ամէն օր:

Կը թուի, թէ կը կորսնցնենք պայքարը: Մարդիկ կ՛ըսեն, թէ «ոչ մէկ բան կը գրեն» այս օրերուն: Ձեռագիրէն հեռանալու շարժումը, որ մտածուած չէ, շատ արագ թափ կը ստանայ եւ իրականութեան մէջ ոչ ոք կ՛որոշէ կասեցնել զայն: Չեմ կարծեր, թէ ձեռագիրը այս ընթացքը պէտք է ստանայ: Եթէ ուզենք` կրնա՛նք անոր տալ յատուկ տեղ մը մեր կեանքին մէջ: Երբ մէկը մեռնի, կը կարծեմ, թէ մեզմէ շատեր իրենց ցաւակցութիւնը պիտի յայտնէին թուղթի վրայ գրիչ շարժելով:

Թերեւս նաեւ այլ առիթներով կը գտնուինք թուղթի վրայ գրիչով կամ ելեկտրոնային միջոցներով գրելու ընտրանքին դիմաց: Այս պարագային պէտք է կատարենք ճիշդ եւ մարդկային ընտրութիւնը: Երազս է տեսնել, որ մարդիկ ստեղծեն ամէն օր թուղթի վրայ գրիչով գրելու առիթ մը` իրենց համար, կամ` այլոց հետ հաղորդակցելու: Կ՛ենթադրեմ, որ աւելի ուրախ պիտի զգայինք մեր անձով եւ աւելի ապահով` մեր շրջապատին հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ:

Նոթատետրին Օրինակը

Ահաւասիկ պատմութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ ձեռագիրը տակաւին կարեւոր է, եւ թէ` ինչո՛ւ պէտք չէ հրաժարինք անկէ: Այն համալսարանը, ուր կը դասաւանդեմ, հաստատած է ստեղծագործական գրականութեան դասընթացք մը, որ կ՛ընդգրկէ յատուկ պարտականութիւն մը. «պահել գրագէտի յատուկ նոթատետր մը»: Ուսանողներ պարտաւոր են նոթեր առնել ամէն տեսակ բանի վերաբերեալ եւ արձանագրել դիտարկումներ, անցողակի երազներ, դիպաշարի գաղափարներ, քովնտի խօսքեր, ուրուագիծեր, բանաստեղծութիւններու սեւագրութիւններ, կարճ պատմուածքներ, թատերական երկխօսութիւններ եւ այլն: Երբ ուսանողներուն կը բացատրեմ այս պարտականութիւնը, անխուսափելիօրէն անոնցէ մէկը կը հարցնէ. «Կրնա՞մ այս բոլորը մեքենագրել համակարգիչիս վրայ եւ յանձնել ձեզի, որովհետեւ չեմ կրնար այլ ձեւով գրել»: Տեղի կու տամ, որովհետեւ այսպէս թելադրուած է ինծի, սակայն երբեմն կը քաջալերեմ, որ ուսանողները ձեռքով գրեն, որքան որ կարելի է: Ձեռքով գրելը մտածելու կը մղէ ձեզ, կ՛ըսեմ անոնց: Անիկա նուազ վերջնական կը թուի ըլլալ: Ձեր էութենէն շատ աւելին կայ անոր մէջ: Ուսանողներուն մեծ մասը, նոյնիսկ այսօր կը հետեւի այս խորհուրդին եւ կը կազմէ նոթատետրեր, որոնք հիմնուած են ձեռքով գրուած նօթերու, մտածումներու եւ յայտնագործութիւններու վրայ, ըլլան անոնք սովորական, թէ գերազանցապէս մշակուած: Երբ աւելի քան չորս ամիս տեւաբար ձեռքով գրած են անոնք, պէտք է ըսել, թէ անոնք կը զգան ամբողջական ուրախութիւն:

Անցեալ ամիս ուսանող մը յանկարծամահ եղաւ: Սարսափելի ցնցում մը ապրեցան անոնք, որոնք կը ճանչնային զայն: Բոլորին կողմէ սիրուած աղջիկ մըն էր: Ան հետեւած էր այս դասընթացքին եւ կազմած էր նոթատետր մը, որուն իւրաքանչիւր բառը գրուած էր ձեռքով. մէկը անոր ձեռագիրին կը ծանօթանար անմիջապէս, որ ճանչնար զինք: Նոթատետրը կը յորդէր յայտնագործութիւններով, առանձին պատկերներով, լուսանցքային գրութիւններով, ջնջուած ընդարձակ մասերով եւ ամէն տեսակի այլ նոթերով: Լսելէ ետք, թէ ան մեռած էր, իջայ այն նկուղը, ուր կը պահուին այս նոթատետրերը եւ արխիւէն դուրս բերի անոր նոթատետրը:

Նոթատետրը պարզապէս լեցուն էր իրմով: Կը տեսնէի, թէ տակաւին քանի մը ամիս առաջ աղջկան գրիչը ինչպէ՛ս շարժած էր թուղթին վրայ: Կը տեսնէի ստեղծագործական թռիչքով հարուստ օրերը եւ այն օրերը, երբ ան չէր յաջողած ստեղծագործել: Կարելի էր տեսնել, թէ ի՛նչ բաներ ան գրած էր արագ, ներշնչումէ մղուած եւ բաներ, որոնց վրայ անընդհատ աշխատած էր եւ ձեւափոխած: Պարզապէս իր ուսուցիչն էի, սակայն նոթատետրը յուզեց զիս. կապ մը զգացի խեղճ աղջկան հետ, որուն շատ համակրած էի:

Համալսարանին այն բաժանմունքը, ուր աշխատած էի, մեծ դժուարութիւն տուաւ ինծի տեսնելու աղջկան բոլոր գրութիւնները: Վարչական պատասխանատուներ, որոնք երբեք չէին հանդիպած անոր, ձեւացուցին, թէ գրութիւնները կը գտնուին կղպանքի տակ եւ կարելի չէր դուրս բերել զանոնք: Այժմ կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ անոր գրութիւնները այսքա՛ն ջղագրգռած էին զանոնք: Անոնք վախ կը պատճառէին անձերու, որոնք կը վախնային գրականութենէն, մարդկութենէն եւ կեանքի հիւսուածքէն: Ամբողջութեամբ ձեռքով գրուած` այս գրութիւնները պարզապէս կը ներկայացնէին այն անձը, որ իմ ուսանողս եղած էր: Գրութիւններուն հեղինակին ոգիէն մաս մը անցած էր անոր ձեռագիրին մէջ եւ արձանագրուած էր թուղթին վրայ: Անոր մարդկայնութիւնն ու ձեռքը ընդելուզուած էին, եւ անջնջելի բան մը մնացած էր ֆիզիքական այս հետքերուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES