Թուրքիա Կը Մերժէ Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Տագնապը Քննարկել
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա քանի մը օր առաջ մերժած է Սուրիոյ տագնապին շուրջ քննարկում կատարելու իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրը:
Իսրայէլ Անգարային կոչ ուղղած է իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ քննարկելու Սուրիոյ մէջ հետզհետէ աճող բռնարարքները, որոնք կրնան երկու երկիրներուն վրայ ազդել:
Իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Թուրքիոյ մէջ գործող թուրք լրագրողներու յայտնած է, որ «պէտք է մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապը յաղթահարենք, շրջանցենք եւ միասնաբար ապագային վրայ աշխատինք»:
Ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է իսրայէլեան դիմումը` Իսրայէլէն պահանջելով Անգարայի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու առնչութեամբ իր մտադրութիւնը գործերով փաստել եւ ոչ թէ խօսքերով:
Նշենք, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը երէկ գրեց, որ «Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը կրնայ սուրիական վարչակարգը փոխելու Իսրայէլի փափաքը ամրապնդել եւ զայն մղել ճնշում բանեցնելու Միացեալ Նահանգներու վրայ` անոր մասնակցութիւնը ապահովելու համար»:

