«Հերըլտ Թրիպիուն» Կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ Ներքին Կացութեան

«Հերըլտ Թրիպիուն» իր 29 հոկտեմբեր թիւին մէջ լոյս ընծայեց Թիմ Արանկոյի «Թուրքիոյ մէջ անցեալին հետ խզումը կ՛արտացոլայ փողոցներուն մէջ» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ յօդուածագիրը կը նշէ, որ անցեալ երկուշաբթի երեկոյեան Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան հիմնադրութեան 89-ամեակի ընդունելութեան ընթացքին «նախապէս չլսուած բան մը պատահեցաւ. երկրին գլխաւոր հրամանատարը կանգնեցաւ նախագահին եւ վարչապետին կիներուն մօտ, թէեւ կիները իսլամական լաչակներ կը կրէին»` աւելցնելով, որ անցեալին բանակի վերնախաւը երբեք այդպիսի բան մը չէր կատարեր:

«Բազմաթիւ թուրքերու համար, ընդունելութիւնը եկաւ ընդգծելու կտրուկ խզումը անցեալին հետ, երբ քաղաքային ղեկավարներ բանակին ենթակայ էին եւ իսլամութիւնը հասարակական կեանքէն մեկուսացուած էր», կը գրէ յօդուածագիրը:

Աւելի՛ն, ան կ՛ընդգծէ, որ «այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիոյ բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական եւ իսլամական արժէքներու միախառնումը վերիվայրումներու մէջ գտնուող արաբական աշխարհին համար իբրեւ բնորդ կը ներկայացուին, երկիրը իրեն յատուկ իշխանութեան ներքին պայքարներ կը դիմագրաւէ` իսլամականներուն եւ աշխարհիկներուն, քաղաքային ղեկավարներուն եւ զինուորական հրամանատարներուն միջեւ: (Այդ պայքարին) ելքը ոչ միայն կրնայ Թուրքիոյ ապագան ճշդել, մինչ ան միջինարեւելեան հարցերուն մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն կը ստանձնէ, այլ նաեւ շրջանը ձեւաւորել»:

Ան կը յայտնէ, որ շատեր բանակի իշխանութեան նուազեցումը կը գովաբանեն, սակայն քննադատները նաեւ կը նշեն, որ այդ պայքարները Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան բացթողումները բացայայտած են, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իսլամական թեքում ունեցող կառավարութեան կողմէ ընդդիմախօսութեան եւ մամուլի ճնշման: Յօդուածագիրը ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ, որ Թուրքիոյ մէջ աւելի բանտարկուած լրագրողներ կան, քան աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ:

«Թուրքիա կը թուի շեշտակի կերպով իր աշխարհիկ անցեալին եւ անորոշ ապագային երկընտրանքին միջեւ բռնուած ըլլալ», կը նշէ Արանկօ:

 

Share this Article
CATEGORIES