«Լրագրողներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբը»-ը Կը Դատապարտէ Թրքական Կառավարութիւնը
Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած «Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբ» կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ թրքական կառավարութիւնը հսկայական արշաւ շղթայազերծած է մամուլին դէմ, եւ բանտարկած լրագրողներ, որոնց մեծամասնութիւնը քիւրտեր են, եւ որոնց թիւը կը գերազանցէ Իրանի, Չինաստանի կամ Էրիթրիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը:
Կազմակերպութիւնը քննադատեց լրագրողներուն նկատմամբ Էրտողանի անարգական վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ զանոնք ինքնագրաքննութեան մղելու նպատակով անոնց վրայ անոր գործադրած ճնշումները:
«Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբ» կազմակերպութիւնը նաեւ քննադատեց «թրքութիւնը աղարտելու» ամբաստանութեամբ լրագրողներուն դէմ յարուցուած հազարաւոր դատերը:
CATEGORIES Միջազգային

