Անպա Թէոտորոս Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պապ Ընտրուեցաւ

Անպա Թէոտորոս` ղպտի եկեղեցւոյ նորընտիր պապը

12 մանուկներէ կազմուած խմբակէ մը ընտրուած Պիշուա Ժըրժըս երէկ անօթի մը մէջ զետեղուած անուններէն ակնակապ վիճակի մէջ ընտրեց անպա Թէոտորոսի անունը, որ այսպիսով օծուելէ ետք պիտի ըլլայ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ 118-րդ պապը` փոխարինելով վախճանեալ Շնոտա Գ. պապը: Նշենք, որ անպա Թէոտորոսի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ անոր տարեդարձի օրը:

Թէոտորոս Բ. ծնած է 4 նոյեմբեր 1952-ին: Ան 1975-ին Աղեքսանդրիոյ համալսարանէն վկայուած է դեղագործութեան պսակաւոր գիտութեան վկայականով, ապա իր ուսումը շարունակած է Անգլիոյ մէջ: Ան ծանօթ է իբրեւ փոքրերու կրօնական դաստիարակութեան մեծ կարեւորութիւն տուող անձնաւորութիւն մը, որովհետեւ նոր սերունդը կը նկատէ եկեղեցւոյ զարթօնքի գրաւականը:

Նորընտիր պապին անունը կը յայտարարուի

Ան երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան միջոցներ հաստատելը կարեւոր հարց մը կը նկատէ:

Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր պետ Մոհամետ Պատիհ Թէոտորոս Բ. պապը շնորհաւորեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ ընտրուելուն առիթով:

Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի պիտի մասնակցի Թէոտորոս Բ. պապի օծման արարողութեան, եթէ ղպտի եկեղեցւոյ կողմէ այդ ուղղութեամբ հրաւէր մը ստանայ:

Պապական տեղապահ անպա Պախիմոս յայտնեց, որ Մուրսի խոստացած է մօտ օրէն ղպտի եկեղեցւոյ այցելութիւն մը տալ: Ան նաեւ յայտարարեց, որ եկեղեցին Մուրսին նոր պապի օծման արարողութեան պիտի հրաւիրէ:

Share this Article
CATEGORIES