«Սուրիոյ Ներքին Տագնապը Կրնայ Իսրայէլեան Հարցի Մը Վերածուիլ» Կ՛ըսէ Զօր. Կանց
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց յայտարարեց, որ «Սուրիոյ ներքին տագնապը կրնայ իսրայէլեան հարցի մը վերածուիլ»:
Իսրայէլեան բանակի կայքէջը հաղորդեց, որ Կանց Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերուն այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ «ասիկա սուրիական հարց մըն է, սակայն կրնայ մեզի վերաբերող հարցի մը վերածուիլ»: Կայքէջը կը նշէ, որ Կանց զինուորներէն պահանջած է պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ:
Կայքէջը նաեւ կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Եոաֆ Մորտախայ, որ Կանցի կ՛ընկերակցէր, յայտնած է, որ «իսրայէլացի զինուորները կրնան սուրիական կանոնաւոր բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ ճակատամարտերուն ձայները լսել»:
«Սահմանին միւս կողմը հրասայլերու ձայներ եւ թեթեւ զէնքերու կրակոցներ կը լսուին», ըսած է ան` նշելով, որ իսրայէլեան ուժերը «պատրաստ են որեւէ պահու» կրակոցներու ուղղութեան որեւէ փոփոխութեան:
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ին բողոքագիր մը ներկայացուցած է Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ապազինեալ գօտիին մէջ սուրիական հրասայլերու ներկայութեան դէմ, հակառակ անոր որ այդ իրողութիւնը գրգռութիւն մը կամ երկիրը ճակատումի մէջ ներքաշելու փորձ մը չէ նկատած:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ սուրիական երեք հրասայլեր մուտք գործած են երկու երկիրներուն միջեւ Կոլանի բարձունքներու սահմանի երկայնքին գտնուող ապազինեալ գօտի, ինչ որ Իսրայէլը մղած է այդ առնչութեամբ ՄԱԿ-ին բողոքագիր մը ներկայացնելու:
Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ ընդդիմադիր զինեալներու հետ սուրիական հրասայլերու ունեցած բախումի դէպքը սուրիական տագնապին դրացի երկիրներ տարածուիլը ցոյց կու տայ:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կոլանի բարձունքներու տարածքին մէջ սուրիական կառավարական ուժերը երեք գիւղերէ` Պիր Աժամիէն, Պրէյկիէն եւ Ախրաշիէն ընդդիմադիր զինեալները վտարելու գործողութիւններ կը կատարեն:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Ժետտա այցելեց, ուր հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Երկու ղեկավարները քննարկեցին Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը:
Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկու ղեկավարները քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային բեմերու վրայ արձանագրուող զարգացումները, նախ եւ առաջ պաղեստինեան հարցը եւ Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ «երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ու բոլոր մարզերուն մէջ անոր ամրապնդման հեռանկարները»:
Ապտալլա թագաւոր այս առիթով Հոլլանտը պարգեւատրեց Ապտել Ազիզ թագաւորի շքանշանով, որ թագաւորութեան կողմէ բարեկամ պետութեանց ղեկավարներուն առ ի գնահատանք տրուող բարձրագոյն շքանշանն է:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու պատճառով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուող Պապ Սալամա սահմանային անցքը փակուած է:
Մինչ այդ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Լոնտոնի մէջ գործող Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց դիտորդական խորհուրդի յայտարարութեան, հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը յայտնած է, որ երէկ գրաւած է Տէր Զօր նահանգի «Ալ-Ուատ» քարիւղի հանքը: Վերջինս քանի մը օրէ ի վեր պաշարուած էր:


