Ըստ Ընտրութենէն 48 Ժամ Առաջ Հրապարակուած Հարցախոյզի Մը Օպամայի Եւ Ռոմնիի Վարկանիշները Հաւասար Են

Միացեալ Նահանգներու մէջ վաղը նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն 48 ժամ առաջ հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա եւ անոր հանրապետական մրցակից Միթ Ռոմնի հաւասարապէս կը վայելեն ամերիկացի քուէարկողներու 48 առ հարիւրին զօրակցութիւնը:

«Էյ.Պի.Սի.Նիուզ»-ի եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ընկերային եւ ցեղային խմբակներու պատկանող քուէարկողներու ուղղուածութեան մէջ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Օրինակի համար, Օպամա կին քուէարկողներուն մօտ 6 կէտի առաւելութիւն մը կը վայելէ, իսկ տղամարդիկը Ռոմնին նախագահի պաշտօնին աւելի յարմար թեկնածու կը նկատեն:

Share this Article
CATEGORIES