Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պապին` Թէոտորոս Բ.ի: Ան շեշտեց, որ պապը ընտրելու դրութիւնը ժողովրդավարութեան դաս մը պէտք է նկատուի Արաբական աշխարհին համար:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղակահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան մասին հետաքննութիւնը կը կատարուի կատարեալ գաղտնապահութեամբ` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը գաղտնի պիտի պահուի մինչեւ ամբաստանութեան արձակումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական համախոհութիւնը կամուրջ մըն է` դէպի ապահովական կայունութիւն, «իսկ այդ կամուրջը կարելի է ստեղծել լիբանանեան ազգային երկխօսութեամբ», աւելցուց ան` Հռոմի մէջ գործող մարոնի համայնքի «Մարիամական միաբանութեան» կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին:

Նշենք, որ Շարպել Հռոմ կը գտնուի` մասնակցելու համար «Ինթըրփոլ»-ի միջազգային խորհրդաժողովին:

ՍԵՓԱԿԱՆ վարժարաններուն մէջ գործող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին դիմաց կատարուող բողոքի նստացոյցը Թրիփոլիի նուաճումներէն մէկը կը նկատուի` նկատի ունենալով անոր խաղաղ եւ ժողովրդավարական բնոյթը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ ազգային իմաստով կառավարութիւնը արդէն իսկ տապալած է. ան աւելցուց, որ իրենք կը մերժեն Ազգային երկխօսութեան նիստէն բացի այլ օրակարգերու քննարկումը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող անապահով իրավիճակը փրկելու նպատակով է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ զօրակցական այցելութիւն մը տուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի շարունակեն իրենց պայքարը, մինչեւ որ ներկայ կառավարութիւնը տապալի եւ բոլոր տեսակի սպանութիւններուն առաջքը առնուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հիշամ Սաֆիէտտին ըսաւ. «Ով որ համոզուած է, թէ Դիմադրութիւնը այս հանգրուանին իր ուժէն պիտի հրաժարի, ապա ան չարաչար կը սխալի»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Ազգային երկխօսութեան նիստի կոչերուն` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը սադրանքներու օրէնք է:

ՓՈՓԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա տակաւին որոշ լուծման մը չէ յանգած` աւելցնելով, որ շրջանին տագնապին լուծման համար համաձայնութիւն մը մօտալուտ է:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրինագիծ մը, որ երկիրը կը փրկէ նիւթական եւ քաղաքական աւատապետութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ կոչ ուղղեց տապալելու կառավարութիւնը եւ կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որ կը նուազեցնէ երկրին մէջ տիրող մտահոգութիւնն ու լարուածութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES