Ժահժահ. «Հիմնական Ընդդիմութիւնը Սուրիական-Իրանեան Առանցքին Դէմ Ուղղուած Է Եւ Ոչ Թէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Ինթըրնեշընըլ Հերըլտ Թրիպիւն» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդդիմութիւնը միայն կառավարութեան կամ Մարտ 8-ի ուժերուն դէմ չէ ուղղուած, այլեւ` սուրիական-իրանեան առանցքին:
Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխան Պութրոս Հարպի եւ իր դէմ գործուած մահափորձերէն ետք, հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը ընդվզեցուցած է զիրենք եւ այդ ընդվզումէն մեկնելով իրենք որոշած են «Բաւ է» ըսել սպանութեան արարքներուն:
Ժահժահ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խաղաղ եւ ժողովրդավար կերպով պիտի շարունակեն իրենց շարժումները: Ան ընդգծեց, որ ներկայ կառավարութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութիւն չի տրամադրեր:
Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւնը ինքզինք պարտադրած է, եւ կարելի չէ ապահովութիւնը վստահիլ այս կառավարութեան:
Ժահժահ նաեւ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւնը տակաւին վտանգի ենթակայ է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց յաջողութիւնը գրեթէ ապահոված ղեկավարները ամէնէն աւելի ենթակայ են սպանութեան` այդ թեկնածուներուն շարքին ընդգծելով մասնաւորաբար երեսփոխան Պութրոս Հարպի անունը:

