Ռիատ Սոլհի Վրայ Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերու Ցոյց
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն կազմակերպութեամբ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջուեցաւ կառավարութեան հրաժարականը:
Վարչապետարանին դիմաց տեղի ունեցած այս ցոյցին ընթացքին խօսք արտասանեց երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ յայտնեց, թէ երիտասարդները եւ ուսանողները հրաւիրուած են ըմբոստացման եւ ժողովրդավարական ու խաղաղ պայքարի մը` շարունակելու համար կառավարութիւնը տապալելու պահանջը եւ մերժելու բռնի ուժով անոր գոյութիւնը:
Ֆարաոն հաստատեց, որ կառավարութիւնը երկրին ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական կայունութիւն չ՛ապահովեր:
Ֆարաոն նաեւ շեշտեց, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ երկիրը մնայ քաղաքական այնպիսի խմբաւորումի մը իշխանութեան տակ, որ երկրին անկախութեան ու գերիշխանութեան արժէքներուն յարգը չի գիտեր:
Իր կարգին, երեսփոխան Մարուան Համատէ խօսք առնելով շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը վարչապետարանին պիտի տիրէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն եւ օրինական ձեւերով:
Համատէ նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութիւնը եւ միայն հանրապետութեան նախագահին հետ անոր հանդիպումը ցոյց կու տան, թէ ան երկրին պետական այլ հաստատութիւններուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք ճշդած է:

