Սուրի Մէջ Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները երէկ Սուրի Շաայթիէ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ուժերուն կեդրոնին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարեցին:
Լիբանանեան բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ներքեւ, շուրջ վաթսուն ցուցարարներ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր իրենց պահանջը. «Թրքական իշխանութիւնները պէտք է լուրջ քայլերու դիմեն` մեր հարազատները ազատ արձակելու համար»:
Կային նաեւ այլ պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պէտք է ամչնան իրենց ընթացքէն:
Միւս կողմէ, սակայն, բողոքի խաղաղ ցոյցին մասնակիցները իրենց հետ ունէին 265 վարդեր, զորս յանձնեցին թրքական զօրամասին անդամ իւրաքանչիւր թուրք զինուորի:
Ցոյցէն որոշ ժամանակ մը ետք ցուցարարներուն մէկ պատուիրակութիւնը մուտք գործեց թրքական զօրանոց եւ հանդիպում մը ունեցաւ անոր հրամանատարին` հազարապետ Հասան Արթուրքի հետ, որ խոստացաւ անոնց պահանջները փոխանցել թրքական կառավարութեան:


