«Պէտք Է Ազգային Երկխօսութիւն Կատարել Եւ «Առաքելական Յորդոր»-ը Գործադրել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան նշեց, որ պէտք է երկխօսութեան սեղան նստիլ` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը:
Ան կոչ ուղղեց գործադրելու Պենետիկտոս ԺԶ. պապի «Առաքելական յորդոր»-ը, որ ստորագրուեցաւ Լիբանանի մէջ:
Նշենք, որ նախքան պատարագի մատուցումը, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` անոր կարտինալ ընտրուելուն առիթով:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք իր բարեմաղթութիւնները փոխանցած է կարտինալ Ռայիի եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համախոհութիւն գոյացնել` եւ գործակցիլ` փրկել կարենալու համար Լիբանանը, անոր դէմ սպառնացող մարտահրաւէրներէն:
Ժեմայէլ ըսաւ, որ Լիբանանի կառավարութեան նուաճումները բաւական խոցելի են եւ այդ պատճառով է, որ իրենք այսօր կ՛ընդդիմանան այս կառավարութեան գոյութեան:
Ան կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կարող կառավարութիւն մը, որ կրնայ դիմադրել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան «Հիլթըն» պանդոկին մէջ Սֆէյր պատրիարքի անուան բարեսիրական հիմնարկին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ արաբական աշխարհը կարիքը ունի միասնականութեան` աւելցնելով, որ «Արաբական գարուն»-ը կարելի չէ պատերազմով կերտել:
Իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց պապին, որ Լիբանանը միջազգային մակարդակի բարձրացուցած է:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն վերանորոգուելու, վերամիանալու, իրարու նկատմամբ իրենց սիրտերը բանալու եւ ստանձնելու քրիստոնէական իրենց պատասխանատուութիւնը, որ լիբանանեան եւ միջինարեւելեան պատասխանատուութիւն է:

