Միքաթի Մեկնեցաւ Պուլկարիա
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Պուլկարիա, ուր ընդունուեցաւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մլատինովի, Պուլկարիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշլին Ապու Սամրայի եւ Պուլկարիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն կողմէ:
Վարչապետ Միքաթիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:
Պուլկարիոյ օդակայանին մէջ Մլատինով ողջունեց Միքաթիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը` զայն նկատելով կարեւոր առիթ մը` քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ պուլկարացի իր պաշտօնակիցին, խորհրդարանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց Եգիպտոսի ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապը` անոր փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները:
Միքաթի մաղթեց, որ Թէոտորոս Բ.պապին ընտրութիւնը ըլլայ նոր էջ մը` ամրապնդելու համար շրջանին մէջ իսլամ-քրիստոնեայ միասնականութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութիւնը երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն զօրակցութիւն կը նկատուի:
Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ոչ մէկ ձեւով ազդեցութիւն պիտի ունենայ վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան վրայ:


