Պաապտայի Մէջ. «Պէտք Է Ամրապնդել Լիբանանի Կայունութիւնն Ու Ազգային Միասնականութիւնը» Ընդգծեց Նախագահ Հոլլանտ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ կարճատեւ այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր միայն հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսէ մը ետք մեկնեցաւ Պէյրութէն:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Հոլլանտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ ինք փափաքած է, որ Միջին Արեւելք իր ուղեւորութիւնը սկսի Լիբանանէն:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան լոյսին տակ, ընդգծելով Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
«Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, եւ իր ամբողջ ուժով պիտի դիմադրէ երկրին կայունութիւնը խախտել փորձողներուն», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտելու բոլոր փորձերը ձախողին:
Ֆրանսուա Հոլլանտ ըսաւ, որ Փարիզ նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման` աւելցնելով, որ մարդասիրական առումով եւս Ֆրանսա պիտի օժանդակէ Լիբանանին, որ իր հողերուն վրայ 100 հազար սուրիացի գաղթական հիւրընկալած է:
Հոլլանտ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ Ուիսամ Հասանը սպաննողները չեն կրնար պատիժէ փախուստ տալ` նշելով միաժամանակ, որ Ֆրանսա թեքնիք օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին` բացայայտելու համար ոճրագործներուն ինքնութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Փարիզի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները իւրայատուկ են այն իմաստով, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանի մէջ գործող ժողովրդավարական բոլոր քաղաքական ուժերուն: Ան հաստատեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է նաեւ օժանդակելու լիբանանցիներուն, որպէսզի երկխօսութիւն կատարեն` նկատի ունենալով, որ անիկա միակ ձեւն է երկրին ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորելու:
Հոլլանտ յայտնեց, որ Փարիզ կը գործակցի լիբանանեան պետութեան հետ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, թէ պէտք է ան Լիբանանի ընտրական օրէնքը մշակէ կամ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնայ: «Մեզի համար խիստ կարեւոր է, որ Լիբանան Սուրիոյ տագնապին զոհը չդառնայ», ըսաւ ան:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելու շրջագիծին մէջ Հոլլանտ շեշտեց, որ անցեալ մայիսին ինք նախագահ ընտրուած է, եւ իշխանութիւնը ստանձնելէն ի վեր Ֆրանսա նախկին նախարար Միշել Սըմահայի հետ կապ չէ ունեցած: Այս ծիրին մէջ, նախագահ Հոլլանտ աւելցուց, որ որեւէ տեղեկութիւն ունենալու պարագային, Ֆրանսա այդ տեղեկութիւնները պիտի զետեղէ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք Հոլլանտի փոխանցած է Ուիսամ Հասանի սպանութենէն ետք իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները` շեշտելով լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերադառնալու եւ Պաապտայի յայտարարութեան յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ իր ժողովրդավարութեան եւ պիտի յարգէ սահմանադրական գործառնութիւններուն ժամկէտները:
Նախագահ Սլէյման նաեւ յայտնեց, որ Հոլլանտ խոստացած է օժանդակել Լիբանանի ապահովութեան ուժերուն` անոնց ապահովական կարեւոր սարքեր տրամադրելու իմաստով:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ան հրաւիրեց Հոլլանտը աւելի ուշ Լիբանան պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու: Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով օժանդակած է Լիբանանին եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի Լիբանանին քաղաքական զօրակցութիւն ապահովելու իմաստով:
Ֆրանսայի նախագահը առաւօտեան ժամը 7:30-ին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի կողմէ:
Երեք ժամուան Լիբանան այցելութենէն ետք Հոլլանտ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:
Նշենք, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի անունով ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղէ Ուիսամ Հասանի շիրիմին:
Հոլլանտի Դէմ Բողոքի Ցոյց
Մինչ Հոլլանտ Լիբանան կ՛այցելէր, Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Ապտալլայի դատը պաշտպանող խումբ մը երիտասարդներ ֆրանսական դեսպանատան առջեւ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջեցին ազատ արձակել Ժորժ Ապտալլան:
Ժորժ Իպրահիմ Ապտալլա 28 տարիներէ ի վեր բանտարկուած է Ֆրանսայի մէջ եւ Եւրոպայի մէջ ան կը նկատուի հնագոյն քաղաքական բանտարկեալներէն մէկը:
Անոնք ֆրանսերէնով ու արաբերէնով «Ազատութիւն» գոռացին եւ Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտէն պահանջեցին ժողովրդավարութեան դասեր տալու փոխարէն ազատ արձակել Ժորժ Ապտալլան:
Ժորժ Ապտալլա լիբանանցի քաղաքացի մըն է` հիւսիսային Լիբանանի Քպայյաթ շրջանէն: Ան Պէյրութի մանկավարժական հիմնարկէն վկայուած է իբրեւ ուսուցիչ, կանուխ տարիքէն հակում ցուցաբերած է իրաւազրկեալ ժողովուրդներու դատերը պաշտպանելու, այս հիմամբ ալ ան անդամակցած է Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատին: 28 տարի առաջ սուտ վկայութեան հիման վրայ կը ձերբակալուի ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ: Աւելի ուշ, օրուան ֆրանսական գաղտնի գործակալութեան պետը եւ ընդհանուր դատախազը խոստովանեցան, որ որեւէ քրէապէս դատապարտելի յանցանք չեն գտած անոր վրայ: Անոր ազատ արձակման համար պայման դրուած է, որ ան հրաժարի հակասիոնական գաղափարներէն: Ինք կառչած կը մնայ այդ գաղափարներուն…




