Երուսաղէմի Ս. Յարութեան Տաճարը Կրնայ Պարտքերու Պատճառով Փակուիլ
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի գլխաւոր սրբավայրերէն` Ս. Յարութեան տաճարը, ուր կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը, կրնայ փակուիլ պարտքերու պատճառով: Անիկա տարածքային առումով հայ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն համար հասարակաց եղած է: Պարտքերը պէտք է վճարեն նաեւ հայերը:
Երուսաղէմի յոյն պատրիարքութեան արքեպիսկոպոս Իսհուսիուս ըսած է, որ Երուսաղէմի ջրամատակարարման ընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ եկեղեցին տարիներէ ի վեր շուրջ 2.4 միլիոն տոլարի պարտք կուտակած է եւ առանց նախազգուշացնելու սառեցուցած է անոնց հաշիւները:
«Մենք երբեք ջուրի համար չենք վճարած` ո՛չ օսմանցիներու, ո՛չ յորդանանցիներու, ո՛չ ալ իսրայէլացիներու օրերուն: Պատրիարքը առաջարկած է ջնջել պարտքը եւ հաշիւը սկսիլ ատկէ ետք, սակայն ընկերութիւնը տակաւին չէ պատասխանած», ըսած է արքեպիսկոպոսը:
Ըստ անոր, պատրիարքը նամակ յղած է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի ղեկավարներուն: «Թող ամբողջ աշխարհը իմանայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի աշխարհի ամէնէն սուրբ վայրին մէջ, ուր հազարաւոր ուխտաւորներ եւ զբօսաշրջիկներ կու գան եւ միլիոններ կը ծախսեն», ընդգծած է ան:
Արքեպիսկոպոսը նշած է, որ իսրայէլեան ընկերութեան ներկայացուցիչները կը մերժեն ընդառաջել, ուստի իրենք մտադիր են եկեղեցին փակել, որովհետեւ չեն կրնար առանց գումարի գոյատեւել:
Ս. Յարութեան տաճարը կառուցուած է այն վայրին մէջ, ուր, ըստ քրիստոնէական աւանդութեան, թաղուած է, ապա յարութիւն առած Քրիստոս: Տաճարը օծուած է 335 թուականին: Եկեղեցին կը պահեն յոյն ուղղափառ եւ հայ առաքելական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցին` Վատիկանի համաձայնութեամբ:


