Մոռնինկսթար Այցելած Է Պաքուի Հայկական Եկեղեցի, Սակայն Անոր Արգիլած Են Ջուղայի Գերեզմանատունը Տեսնել
Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար շրջանին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է:
Ան ըսած է, որ դեսպան նշանակուելէ ետք սկսած է ծանօթանալ Ազրպէյճանի պատմութեանն ու մշակոյթին` ի շարս այլոց այցելելով նաեւ Նախիջեւան, ինչ որ առիթ ընծայած է «ծանօթանալու երկրի բազմազան մշակութային ժառանգութեան»:
«Նախիջեւանի մէջ ես պաշտօնատար անձերու հետ մանրամասն կերպով քննարկած եմ Ջուղայի մէջ հին հայկական գերեզմանատան աւերման փաստը: Կը ցաւիմ, որ պաշտօնատար անձեր անկարելի դարձուցին իմ այցելութիւնս այդ վայր` ատիկա պայմանաւորելով անվտանգութեան հարցերով», ըսած է Մոռնինկսթար:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսած է, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կարեւոր է շրջանին մէջ խաղաղութեան ապագային համար:
Ան այս առիթով ըսած է. «Զիս կ՛ոգեւորեն այն ջանքերը, զորս երկու կողմերը կը ձեռնարկեն իրարու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ»: Ան պատմած է, թէ ինչպէս Պաքուի մէջ Ս. Գրիգոր հայկական եկեղեցի այցելած է:
Ըստ դեսպանին, այնտեղ անոր ծանօթացուցած են եկեղեցւոյ պատմութեան, հայերէնով գիրքերու եւ ձեռագիրներու: Այնտեղ դեսպանին յայտնած են, որ հայ եւ ազրպէյճանական գիւղերու միջեւ համաձայնութիւն կայ` պահպանել իրարու գերեզմանատուները:
Նշենք, որ Ս. Գրիգոր եկեղեցին կառուցուած է 1887-ին: 1990-ին ազրպէյճանցիները հանած են եկեղեցւոյ խաչը:
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի` երկու երկիրներու պատմական արխիւները պահպանելու գործին մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ Միացեալ Նահանգներ պիտի այցելեն արխիւներու հայաստանցի եւ ազրպէյճանցի աշխատակիցներ` մասնակցելու համար տեղւոյն


