«Սիվիլիթաս» Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Օսկանեանի Եւ Հիմնադրամի Աշխատակիցներուն Նկատմամբ Հետապնդումներուն

«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ 1 նոյեմբերին Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին (Հ1) հարցազրոյց տուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան պետի տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին եւ անոր հիմնադիր Վարդան Օսկանեանին առնչուող քրէական գործի քննիչն է:

Հաղորդագրութիւնը այս առիթով հաստատեց, որ նշեալ հարցազրոյցէն անգամ մը եւս ակնյայտ դարձաւ յարուցուած քրէական գործին սնանկութիւնը: Ըստ «Սիվիլիթաս»-ի խորհուրդին, ամբողջ հարցազրոյցին ընթացքին Համբարձումեան, մէկդի դնելով իր մասնագիտական պատասխանատուութիւնը, կը փորձէր դիտողներուն մատուցել այլ իրականութիւն` աղաւաղելով փաստերը, ներկայացնելով ընտրովի եւ ոչ ամբողջական տեղեկատուութիւն: «Սիվիլիթաս»-ի խորհուրդը նշեց, թէ անընդունելի է, որ քրէական գործին պատասխանատու քննիչին կը ստիպեն շեղիլ իր մասնագիտական գործունէութենէն եւ զբաղիլ հանրային արշաւով:

«Եթէ տակաւին կայ որեւէ մէկը, որ կը կասկածի, որ այս ամէնը քաղաքական պատուէր չէ, կը ցանկանք յայտնել, որ հետապնդումը Վարդան Օսկանեանի անձին եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի նկատմամբ սկսած է 2009 թուականէն: Մինչեւ այսօր մենք այս մասին չենք արտայայտուած, որովհետեւ ի տարբերութիւն Հայաստանի իշխանութիւններուն, չենք ուզած, որ երկրին նկատմամբ բացասական ընկալումները խորանան: Այսօր, սակայն, երբ իշխանութիւններուն գործողութիւնները անցած են բոլոր տեսակի սահմանները, մենք ստիպուած ենք նշել հետապնդման դէպքերէն քանի մը հատը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Այնուհետեւ չորս տարբեր կէտերու մէջ հաղորդագրութեան հեղինակները կը թուեն քաղաքական բնոյթով հետապնդումներու օրինակներ:

Հաղորդագրութեան աւարտին «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդը կը պահանջէ վերջ տալ հիմնադրամին, անոր հիմնադիր Վարդան Օսկանեանի եւ աշխատակիցներուն նկատմամբ հետապնդումներուն եւ անհանդուրժողութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES