«Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ՛ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի Օդակայանի Բացումի Հարցը Լուծելու Դիւանագիտական Միջոցներով» Կ՛Ըսէ Նուլընտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի վերաբացման հարցին մէջ դիւանագիտական լուծում գտնելու` համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներու, միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքային թռիչքներու վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող սովորութեան:

Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը տեղեկացնէ, Նուլընտ նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այդ մասին յայտարարութիւն հրապարակած է:

«Յայտարարութիւններէն մէկը կատարուած է 2011-ի ապրիլին, երկրորդը` 2012-ի յուլիսին. վերջինիս մէջ ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ դիրքորոշումը, եւ կողմերուն կոչ ուղղուած է խնդիրը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յիշեցուցած է, որ այդ յայտարարութիւններուն մէջ իրենք նշած են, որ այդ օդակայանի գործունէութիւնը չի կրնար օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES