50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1962)

Հայ Կեանք

Առաջին Անգամ Հայերը Գործածած Են
Երկաթը
Քրիստոսէ 1400 Տարի Առաջ

Արձագանգը եղած էինք այն լուրին, թէ հայերը գտած են երկաթը առաջին անգամ եւ օգտագործած են զայն: Անգլիացի հռչակաւոր հնաբան Հորթըն Ձայլան էր, որ կը հաստատէր վերոյիշեալ իրողութիւնը:

Ուրիշ կարեւոր աղբիւր մը եւս կը հաստատէր այդ պարագան:

Արդարեւ, գերմանական նշանաւոր համայնագիտարանը «Տեր Նոյէ Պրոքհաուզ», իր  «թեքնիքի եւ բնական գիտութեանց մէջ ամենակարեւոր գիւտեր» գլուխին ներքեւ, ուր ժամանագրական կարգով նշանակուած են ամենանշանաւոր գիւտերը, նոյնութեամբ գրած է. «Առաջին անգամ նախքան Քրիստոս 1400 թուականին Հարաւային Կովկասի եւ Հայաստանի մէջ գտնուած եւ կիրարկուած է երկաթ ձեռք ձգելու եւ մակերեսային պողպատացումի դրութիւնը»:

Պարզ է, որ երկու տարբեր եւ այլազգի հեղինակաւոր աղբիւրներու հաւաստիացումը բոլորովին եւ աւելի ստոյգ կերպով կը հաստատէ նոյն իրողութիւնը:

Անդարմանելի Կորուստ Մը
Գահիրէի
Մէջ

«Յուսաբեր»-ի մէջ (29 հոկտ.) կը կարդանք.-

Ընկեր Վաղարշակ Տէր Յուսիկեանի կսկծալի մահէն ետք, ընդհանրապէս եգիպտահայութիւնը եւ մասնաւորաբար մեր կազմը կ՛ունենան անդարմանելի կորուստ մը եւս, յանձին ողբացեալ Սուքիաս Չիմայեանի, որուն յանկարծական մահը խոր սուգի մատնեց իր ընտանեկան պարագաները, ընկերներն ու բարեկամները անխտիր:

Հաւատաւոր, զոհաբերող եւ գաղափարապաշտ հայ մըն էր: Կը հաւատար իր ժողովուրդի ապագային եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը քաջալերէր մեր ազգային, կուսակցական, մշակութային եւ բարեսիրական բոլոր կազմակերպութիւնները, զորս հայապահպանման կենարար գործօններ կը նկատէր:

Եղաւ տիպար հայր մը եւ գաղափարի հաւատաւոր մարտիկ մը: Իր ձեռներէցութեամբ եւ աշխատունակութեամբ տիրացած էր պատուաբեր դիրքի մը թէ՛ հանրային կեանքի եւ թէ՛ մետաղագործութեան ասպարէզին մէջ` իբրեւ գործարանատէր:

Իր համեստ, ընկերական ու հաղորդական բնաւորութեամբ արժանացած էր իր բոլոր բարեկամներուն, ընկերներուն ու ծանօթներուն համակրանքին:

 

Հայաստան

Ժգ. Դարու Եկեղեցի Մը

Միջնադարեան Երեւանի ուշագրաւ շինութիւններէն մէկն է ԺԳ. դարու երկրորդ կիսուն շինուած փոքր եկեղեցին: Յուշարձանը բացուեցաւ 1936-ին, երբ քաղաքին վերակառուցումի աշխատանքներուն պատճառով քանդուեցան աւելի ետքը շինուած, պատմական ոչ մէկ արժէք ներկայացնող շէնքեր:

Ճարտարապետական ձեւերուն քննութիւնը նշանակալից է, եւ ասոնք աչքի կը զարնեն իրենց ճոխութեամբ եւ շատեր նորութիւն մը կը ներկայացնեն:

Հեռագրական Գործակալութիւնը

Յօդուածներով, ճառերով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ տօնած են Հայկական հեռագրական գործակալութեան հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը:

Արդիական բոլոր յարմարութիւններով եւ կազմակերպչական մեքենայով օժտուած այս գործակալութիւնը տեղական բոլոր լուրերը կը փոխանցէ Մոսկուա եւ արտասահմանեան բոլոր տեղեկութիւնները կը ստանայ Մոսկուայի ԹԱՍՍ գործակալութեան ճամբով:

Թերութիւններ

Հայաստան ներածուած փայտին մօտ քսան տոկոսը կը փճանայ անփութութեան պատճառով, կը գրէ «Սովետական Հայաստան»-ի սեփական թղթակիցը` Ս. Զալումեան:

«Սովետական Հայաստան» իր կարգին յատուկ խմբագրականով մը (հոկտ. 7) խիստ քննադատութեան կ՛ենթարկէ կահոյքի, կօշիկի եւ հիւսուածեղէնի գործարանները, որոնց արտադրութիւնները «անճաշակ, հնաձեւ եւ ցածրորակ» են:

Նոր Ելեկտրակայան

Բանիլ սկսաւ Հրազդան գետին վրայ կառուցուած ջրելեկտրակայաններուն վեցերորդը` Երղէսը, որ տարեկան պիտի արտադրէ 2.434.000 քիլովաթ ելեկտրական ուժ:

Եօթներորդ կայանին շինութիւնը սկսած է Որոտան գետին վրայ, որ կը հոսի Հայաստանի հարաւային մասին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES